Սերժ Սարգսեանի Եղբօրորդին Կալանաւորուած է Սպանութեան Փորձի Գործով

Հայաստան

ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին՝ Հայկ Սարգսեանը, կալանաւորուած է 2007-ին սպանութեան փորձի գործով։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը:

2007 Ապրիլ 1-ին, ժամը 19:00-ին, ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին հիւանդանոցէն հաղորդում եղած է, որ թիկունքի հատուածէն վնասուածքով բուժօգնութեան տեղափոխուած է երիտասարդ մը։ Նոյն օրը, ժամը 20:40-ին, ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին եկած է Երեւանի բնակիչ Արթուր Ղեւոնդեանը՝ ներկայացնելով 9մմ տրամաչափի ատրճանակ՝ լիցքաւորուած 6 փամփուշտով։

Ղեւոնդեան յայտնած է, որ ատրճանակը մայրաքաղաքի Թումանեան փողոցի թիւ 11ա շէնքի բակին մէջ գտած են ինքը ու հիւանդանոց տեղափոխուած երիտասարդը։ Երբ վերջինիս ձեռքէն փորձած է հրազէնը վերցնել, կրակոց արձակուած է, որուն հետեւանքով ալ երիտասարդը վիրաւորուած է։

Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան հաւաստիացումով՝ տուեալներ եղած են, որ 2007 Ապրիլ 1-ին հիւանդանոց տեղափոխուած երիտասարդը վիրաւորուած է ոչ թէ ատրճանակէն պատահաբար արձակուած կրակոցին հետեւանքով, այլ անոր ուղղութեամբ կրակած է Երեւանի բնակիչ, 34-ամեայ Հայկ Ալեքսանդրի Սարգսեանը։

Նոր ի յայտ եկած հանգամանքներուն հիման վրայ՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազին կողմէ վերացուած է 2007-ին յարուցուած քրէական գործի կարճման որոշումը։ Յարուցուած է նոր քրէական գործ՝ սպանութեան փորձի յատկանիշներով։

Իրաւապահները Հայկ Սարգսեանը Յուլիս 4-ին յայտնաբերած են «Զուարթնոց» միջազգային օդանակայանին մէջ եւ բերման ենթարկած: Ան կը փորձէր լքել Հայաստանը՝ մեկնելով Ֆրանսա։

Մեղադրանքի առաջադրումէն ետք՝ Յուլիս 11-ին, դատարանի որոշումով ան կալանաւորուած ու տեղափոխուած է քրէակատարողական հիմնարկ։

Ոստիկանութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է նաեւ, որ 2007 Ապրիլ 1-ին ատրճանակով ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին ներկայացած եւ դէպքին վերաբերեալ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ յայտնած Արթուր Ղեւոնդեանը կը բնակի Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ։ Տարուած բացատրական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ 35-ամեայ Ղեւոնդեանը Յուլիս 8-ին ներկայացած է ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութիւն, ապա ներկայացուած նախաքննական մարմինին։

Կատարուածին հանգամանքները քննութեամբ կը պարզուին։

Նշենք, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը վերաբացած էր 2007 Ապրիլ 1-ին սպանութեան փորձի դէպքով քրէական գործը:

Leave a Reply