Category: Սփիւռք
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Յուշաքարի Բացում Քեսապի Վերանորոգուած Բանակավայրէն Ներս
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 100-ամեակը զուգադիպեցաւ Միութեան Քեսապի բանակավայրի վերանորոգումին եւ վերաբացումին: Բանակավայր մը, ուր սուրիահայ ՀՄԸՄ-ականները յիշատակելի պահեր անցուցած են եւ բուռն փափաքը ունին իրենց զաւակները եւս այդտեղ բանակումի […]
Փայլան Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ուսումնասիրելու 1955-ին Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներու Դէմ Զանգուածային Յարձակումները
Թուրքիոյ ընդդիմադիր ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ըրած է խորհրդարանին քննելու 1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ զանգուածային յարձակումներու, կողոպուտի ու սպանութեան դէպքերը: Ինչպէս կը հաղրդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը, հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ թէեւ Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերէն անցած է 63 տարի` պետութիւնը […]
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ Կը Հիմնուի
Հինգշաբթի, Օգոստոս 23-ին, 10 հայորդիներ ի մի գալով՝ հիմը դրին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (TCA Metro Los Angeles), կրթական եւ մշակութային սպասարկութիւններ մատուցելու համար քաղաքի հայութեան։ Հիմնադիր […]
Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Անձնագիրներ Յանձնած Գանատահայ Դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 6-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ յանձնած յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ […]
Նախարար Կիտանեան Այցելեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
ԼԻբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Սեպտեմբեր 6-ին այցելեց Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանին: Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային իշխանութեան նախագահ Աւետիս Ոսկեան եւ […]
Սիլվա Իշխանեան՝ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկագիտութեան Բաժինի Տնօրէն
Սուրիահայ բժշկուհի Սիլվա Իշխանեան նշանակուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպի Պետական համալսարանի Բժշկագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն: Այս մասին կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը։
Արմէն Բայբուրդեան Կը Նշանակուի Լոս Անճելըսի Մօտ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի Սեպտեմբեր 6-ի հրամանով, Արմէն Վահանի Բայբուրդեանը նշանակուած է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս: Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Բայբուրդեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս նշանակուած էր […]
Հայ Դատը Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ՝ Իսրայէլէն Ատրպէյճան Արտածուող Զէնքերու Հարցով
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնական հետաքննութիւն բանայ Իսրայէլէն Ատրպէյճան կատարուած հաւանական ապօրինի արտածումներուն հարցով, որոնք կրնան կապ ունենալ 2017-ի Յուլիսին՝ իսրայէլեան […]
Կը Սկսին Սփիւռքի Քարտէսագրման Ուղղութեամբ Աշխատանքները
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Սեպտեմբեր 6-ին ընդունեց Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Իլոնա Տէր Մինասեանը, Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի […]
Գէորգ Յակոբեան Պիտի Ներկայացնէ Պոլսահայ Ուսումնական Կեանքին Նուիրուած Իր Հատորը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գէորգ Պ. Յակոբեան Սեպտեմբեր 13 -ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յովսէփ Նալպանտեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։ Մուտքը ազատ է: «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրուած այս ստուար հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ […]










