Category: Սփիւռք
«Հայ Գաղթականները Յունաստանի Մէջ 1922-1940» Թեմայով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Յունաստանի Մէջ
«Հայ գաղթականները Յունաստանի մէջ 1922-1940» թեմայով պատմական-վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը կազմակերպուած է Յունաստանի Նէա Զմիռնիի թանգարանին մէջ։ Ցուցադրութեան բացումը պիտի կայանայ Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին եւ պիտի […]
ANCA-ն Տասնեակ Ամերիկեան Կազմակերպութիւններու Հետ Կանխած է Յայտնի Լրատուամիջոցներու Մէջ Ցեղասպանութիւնը Հերքելու Նիւթերու Հրապարակումը
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը (Արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները ներառեալ), համագործակցելով ցեղասպանութիւններու ճանաչման, կանխման համար պայքարող, ինչպէս նաեւ փաստաբանական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ, իրականացուցած է յաջող արշաւ մը, որով աւելի քան 120 յայտնի լրատուամիջոցներու(ԱՄՆ բոլոր 50 նահանգներու մէջ) կոչ ըրած է զերոյական հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն վարել առհասարակ մարդկայնութեան դէմ զանգուածային բնաջնջումներու ու յանցագործութիւններու եւ մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը հերքելու դէմ: Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez-ը, արշաւի մասնակիցները նամակներով դիմած են լրատուամիջոցներուն, անոնց խմբագրակազմերուն՝ կոչ ընելով […]
Փայլան՝ Էրտողանին. «Արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է»
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներուժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր ԿարօՓայլան դարձեալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ ԹայիփԷրտողանի կողմէ Ապրիլ 24-ին կատարուած հակահայ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող նորագոյն յայտարարութեան, որուն մէջ Էրտողան Հայաստանին եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն արխիւները բանալու կոչ ուղղած էր: «Էրտողան ըսաւ. «Իրականութիւնը փնտռելու վայրը արխիւներն են»: Անատոլիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ արխիւ է, փաստաթուղթ է: Իմ փաստաթուղթն ալ՝ արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է: […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մնայուն Կապի Մէջ Է Վենեզուելլայի Հայ Գաղութին Հետ
Վենեզուելլայէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Վենեզուելլայի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանին հետ։ Հայր սուրբը Նորին Սրբութեան լայն բացատրութիւններ […]
Հաւաք՝ Նիւ Եորքի «Թայմզ» Հրապարակին Շուրջ
Կիրակի, Ապրիլ 28-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը նշուեցաւ, քաղաքի սիրտն ու կեդրոնը հանդիսացող «Թայմզ» հարապարակին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։ Քաղաքի եւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած հայորդիներու կողքին, ներկայ էին, նաեւ […]
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Ֆրանսայի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Փոխնախագահ Միշէլ Բազումեան
Առաջին հերթին, Պրն. Բազումեան յիշեալ կառոյցի ատենապետ Պետրոս Թէրզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ Հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան Հիմնադրամին կատարած […]
Վարշավիայի Մէջ Բողոքի Ցոյց Թրքական Դեսպանատան Դիմաց
Ապրիլ 24–ին, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի 104–րդ տարելիցին առթիւ Լեհաստանի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ (Հայ-լեհական Հասարակական Կոմիտէն, Լեհ-հայկական Հիմնադրամը, ,Armenian Foundationը, Լեհահայեր ՀԿ), եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ […]
Մարիինեան Թատրոնի Սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեան՝ Միջազգային Օփերայի Մրցանակի Դափնեկիր
Հեղինակաւոր «Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութեան» (The International Opera Awards) «Լաւագոյն երգչուհի» անուանակարգով յաղթող ճանչցուած է Մարիինեան թատրոնի սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեանը: Այս մասին, ըստ radiovan.fm-ի, կը յայտնէ operawire.com կայքը։ Մրցանակաբաշխութիւնը կայացած է նախօրէին։ Նշենք, […]
Թուրք Հիւպատոսը Գնդակահարած Գուրգէն Եանիկեանի Մասունքները Հայաստան Փոխադրուեցան
Գուրգէն Եանիկեանի մասունքները փոխադրուեցան Երեւան եւ պիտի թաղուին Եռաբլուրի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ Գրող եւ ճարտարագէտ Գուրգէն Եանիկեան ծնած է 1895-ին, Էրզրում: Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Եանիկեան 27 Յունուար […]
Բողոքի Ցոյց եւ Հաւաք՝ Շիքակոյի Մէջ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, Շիքակոյի թրքական հիւպատոսարանին մօտ, տեղի ունեցաւ խաղաղ բողոքի ցոյց, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Ե.Դ.-ի “Արարատ” ուխտին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։ “Մենք հաւաքուած ենք այսօր պահանջելու մեր հողերը։ Թուրքիա […]










