Թիֆլիսի Մէջ Նշուած է Վարդատօնը

Սփիւռք

Մայիս 19-ին Թիֆլիսի մէջ նշուած է աշուղ Սայաթ Նովային նուիրուած «Վարդատօն 2019»-ը, որուն մեկնարկը  տրուած է տիկնիկային ներկայացումով: Սայաթ Նովային նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունենած է Թիֆլիսի Մէյտան թաղամասին մէջ: Թիֆլիսի տիկնիկային թատրոնի հիմնադիր Արմէն Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ տօնը սկսած է «Կար չկար մի Սայաթ Նովա կար» բեմադրութեամբ:

«Լաւ աւանդոյթ է, որ արդէն մէկ դարէ աւելի պահպանուած է Թիֆլիսի մէջ, որոշ փոփոխութիւններ կը կարծեմ պէտք է, յաջորդ տարիներուն կը մտածեմ որոշ բաներ փոխել, թէկուզ անիկա նշելու ժամանակը, որովհետեւ այս օրերուն արդէն շատ շոգ է»,– Jnews-ի հաղորդմամբ` ըսած է «Վիրահայերու միութեան» ղեկավար Մարի Առաքելովան:

Վարդատօն աւանդական ձեռնարկը այս տարի եւս տեղի ունեցած է  «Վիրահայերու միութեան» կողմէ, Թիֆլիսի քաղաքապետարանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի Մշակոյթի նախարարութիւններու, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ: Այս տարուան գործընկերներու շարքին էր նաեւ Երեւանի Պատանեկութեան ստեղծագործական կեդրոնը:

«Սա հայերու տօնն է, սա վրացիներու տօնն է, ես շատ կ՛ողջունեմ ասիկա: Արդէն 105 տարի մենք կը նշենք Վարդատօնը», – իր խօսքին մէջ նշած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան:

Աւանդաբար ամէն տարի Թիֆլիսի մէջ Մայիսի վերջին կիրակին կը նշուի որպէս Սայաթ Նովայի յիշատակի օր` «Վարդատօն» անուանով: Ան առաջին անգամ տօնած են 1914 թուականին Թիֆլիսի մէջ` հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի, գեղանկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի եւ վրացի բանաստեղծ, գրականագէտ Իոսեպ Գրիշաշվիլիի նախաձեռնութեամբ: Այդ օրը Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակը տօնի մասնակիցները կարմիր վարդեր կը դնեն Սայաթ Նովայի շիրիմին, կը լսեն անոր ստեղծագործութիւնները: