Պետրոս Դուրեան (1851-1872). Մահուան Դէմ Պայքարին Հանճարեղ Երգիչը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն․

Մա­յիս 20-ի այս օ­րը, 168 տա­րի ա­ռաջ, ­Պոլ­սոյ հա­յադ­րոշմ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սին մէջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ հայ գրա­կա­նու­թեան վա­ղա­մե­ռիկ հան­ճա­րը՝ ­Պետ­րոս ­Դու­րեան, որ միայն 21 տա­րի ապ­րե­ցաւ։ Ան մա­հա­ցաւ՝ ան­բու­ժե­լի եւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լով եւ, այդ ճամ­բով, Մա­հո­ւան դէմ մղո­ւած ­Մար­դու յա­ւի­տե­նա­կան Պայ­քա­րին հան­ճա­րեղ եր­գի­չը դառ­նա­լով։

Իր սրտին մէջ կեան­քի ու սի­րոյ ան­մար կրակ ու­նե­ցող մա­հա­մերձ բա­նաս­տեղծն է ­Դու­րեան, որ մա­հուան դէմ իր մղած պայ­քա­րին մէջ շի­ջե­լով հան­դերձ՝ անտր­տունջ չհե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ 1871–ին, մա­հո­ւան իր սնա­րին գա­մո­ւած, յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նեց «Տր­տունջք» խո­րագ­րո­ւած իր ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ Ճա­կա­տագ­րի եւ մա­հո­ւան դէմ ընդվ­զու­մի ու ըմ­բոս­տաց­ման իր եր­գը երկ­նե­լով.-

Է՜, մը­նաք բա­րով, Աս­տո­ւած եւ ա­րեւ,
Որ կը պըլ­պը­լաք իմ հոգ­ւոյս վե­րեւ…
Աստղ մ­’ալ ես կ­’եր­թամ յա­ւե­լուլ եր­կինք,
Աստ­ղերն ի՜նչ են որ ե­թէ ոչ ան­բիծ
եւ թշո­ւառ հոգ­ւոց ա­նէ՜ծք ող­բա­գին,
Որք թը­ռին այ­րել ճա­կատն երկն­քին.
Այլ այն Աս­տու­ծոյն՝ շան­թե­րո՜ւ ար­մատ՝
Յա­ւե­լուն զէն­քերն ու զար­դերն հը­րատ…
Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կ­’ը­սեմ… շան­թա­հա­րէ՛ զիս,
Աս­տո­ւա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւ­լէիս՝
Որ ժպրհի ձգտիլ, սու­զիլ խորն երկ­նի,
Ել­նել աստ­ղե­րու սան­դուխքն ա­նա­լի…։

Պետ­րոս ­Դու­րեան ծնած է 1851-ին, ­Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սը, եր­կա­թա­գործ Զմ­պա­յեա­նի աղ­քատ յար­կին տակ եւ հօ­րե­նա­կան ազ­գա­նու­նին հա­յա­ցու­մով էր, որ ­Դու­րեան գրչա­նու­նով ան ստո­րագ­րեց հա­զիւ 13 տա­րե­կա­նին իր գրած ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։

Կեան­քը դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ բնա­տուր տա­ղան­դով օժ­տո­ւած պա­տա­նիին նկատ­մամբ։ Աղ­քա­տու­թեան մէջ մեծ­նա­լով՝ չկրցաւ ուս­ման իր ծա­րա­ւը յա­գեց­նել եւ պա­տա­նի տա­րի­քէն աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­ցաւ՝ ըն­տա­նի­քին կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու պար­տա­ւո­րու­թեամբ։ Ապ­րուս­տի մի­ջոց ընտ­րեց ժա­մա­նա­կի հայ մա­մու­լին աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը՝ յատ­կա­պէս թա­տե­րա­խաղ­ներ գրե­լով, ո­րով­հե­տեւ այդ օ­րե­րուն մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լէր թատ­րո­նը. նոյ­նիսկ դե­րա­սա­նու­թեամբ իր ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հար­կին տակ գտնո­ւե­ցաւ — այ­լա­պէս քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղ­ծի մեծ տա­ղանդ ու­նե­ցող՝ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի ան­զու­գա­կան այս բո­ցա­վա­ռու­մը։

Կար­ծէք ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու դժո­ւա­րու­թիւ­նը չէր բա­ւեր, ա­տոր վրայ գու­մա­րո­ւե­ցաւ նաեւ ա­ւե­լի ա­հա­ւո­րը՝ ­Դու­րեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին քայ­քա­յու­մը, թո­քախ­տի վա­րակ­ման հե­տե­ւան­քով։ Ա­տե­նի ա­նո­ղոք ու ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թիւ­նը խո­րա­գոյն յու­սա­հա­տու­թիւն եւ յո­ռե­տե­սու­թիւն ա­ռա­ջա­ցուց սի­րոյ խոր զգա­ցում­նե­րով եւ ա­լե­կո­ծում­նե­րով հա­րուստ վա­ղա­մե­ռիկ բա­նաս­տեղ­ծին յու­զաշ­խար­հին մէջ։

Դառ­նու­թեան խո­րա­գոյն զգա­ցո­ղու­թիւ­նը եւս ­Դու­րեան բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նօ­րէն յա­ւեր­ժա­ցուց՝ հայ գրա­կա­նու­թեան կտա­կե­լով իր անկրկ­նե­լի «Լ­ճակ»ը.-

Շա­տե­րը զիս մեր­ժե­ցին,
«­Քը­նար մ­’ու­նի սոսկ» — ը­սին.
Մին՝ «դող­դոջ է, գոյն չու­նի» —
Միւսն ալ ը­սաւ.- «կը մեռ­նի»։

Ոչ ոք ը­սաւ,- «­Հէ՛ք տը­ղայ,
Ար­դեօք ին­չո՞ւ կը մը­խայ,
Թե­րեւս ըլ­լայ գե­ղա­նի,
Թէ որ սի­րեմ, չը մեռ­նի»։

Ոչ ոք ը­սաւ՝ «­Սա տը­ղին
Պատ­ռե՛նք սիր­տը տըրտ­մա­գին,
Նա­յինք ին­չե՜ր գրո­ւած կան…»
— ­Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մա­տեան։

Չ­քա­ւոր ու հի­ւանդ՝ կրկնա­կիօ­րէն դա­ժան այ­սօ­րի­նակ կեանք մը ապ­րե­լով, ­Պետ­րոս ­Դու­րեան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ո­րո­նեց եւ գտաւ ինք­նադր­սե­ւոր­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման իր կեն­սա­յորդ աշ­խար­հը։ ­Թէեւ ժա­մա­նա­կը չու­նե­ցաւ բե­ղուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, բայց հա­զիւ քա­ռա­սու­նի հաս­նող իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ինք­նին բա­ւա­րար ե­ղան, որ­պէս­զի ­Պետ­րոս Դու­րեան լայն հո­րի­զոն բա­նայ հայ քնա­րեր­գու­թեան առ­ջեւ ու թռիչք տայ սի­րոյ եւ տա­ռա­պան­քի մարդ­կա­յին ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան, յորդ ու ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րը յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նե­լու եր­կուն­քին։

Իր օ­րին ար­դէն ­Պետ­րոս ­Դու­րեան շատ ա­րագ սի­րո­ւած եւ փնտռո­ւած բա­նաս­տեղ­ծը դար­ձաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան։ Իր «Ին­չո՞ւ ապ­շած ես լճակ»ը, «Տր­տունջք»ը, «­Հե­ծեծ­մունք»ը, «Ինչ կ­’ը­սեն»ը, «Թր­քու­հին» ու «Իմ մա­հը» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը դար­ձան ե­րի­տա­սարդ սրտե­րու եւ հո­գի­նե­րու հա­րա­զատ թարգ­մա­նը, ա­նոնց շրթնե­րուն շա­րու­նակ հնչող եր­գե­րը…

Այդ էր պատ­ճա­ռը, որ իր թա­ղու­մը ազ­գա­յին մեծ շու­քով ու չորս հա­զա­րէ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տպա­ւո­րիչ թա­փօ­րով կա­տա­րո­ւե­ցաւ։ ­Ման­րա­վէ­պի նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, բայց կ­’ար­ժէ հոս մէջ­բե­րել ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի այն վկա­յու­թիւ­նը, որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը փա­փա­քած է ­Դու­րեա­նի թա­ղու­մը նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կա­տա­րել, հա­կա­ռակ ա­նոր որ մեր ե­կե­ղե­ցին այդ ժա­մա­նակ կ­’ար­գի­լէր նման բան։ Այդ խնդրան­քով ալ ե­րի­տա­սարդ­ներ դի­մած են օ­րո­ւան ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիարք Խ­րի­մեան Հայ­րի­կին, ո­րուն պա­տաս­խա­նը՝ «Հ­րա­ման չեմ տար, բայց կը նե­րեմ»ը շատ բան կ­’ը­սէ մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին մէջ ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նի գրա­ւած տե­ղին եւ հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծի ա­նոր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մա­սին։

Դու­րեա­նի մե­ծու­թիւ­նը չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ իր ցա­ւին ու տա­ռա­պան­քին ա­հագ­նու­թե­նէն ծնած եր­գով։ ­Նո­րա­րա­րու­թիւ­նը տի­րա­կան գի­ծը դար­ձաւ ­Դու­րեա­նի գրա­կա­նու­թեան։

Թատ­րո­նի մէջ, ժա­մա­նա­կի ընդ­հա­նուր հու­նով պատ­մա­կան թա­տե­րա­խաղ­ներ գրե­լով հան­դերձ, ­Դու­րեան թա­գա­ւոր­նե­րու եւ իշ­խան­նե­րու կող­քին բեմ բարձ­րա­ցուց նաեւ պարզ ժո­ղո­վուր­դը՝ ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին մեր հիմ­նա­կան հար­ցե­րը ար­ծար­ծե­լով։ ­Մա­նա­ւանդ որ Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի շար­ժու­մին եւ աշ­խար­հա­բա­րի տա­րած­ման դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր ­Դու­րեան, որ այս ա­ռու­մով եւս պայ­քա­րի դիր­քե­րը ա­կա­մայ լքե­լու ճա­կա­տագ­րին դէմ ընդվ­զե­ցաւ՝ «Իմ Ցա­ւը» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ա­ւա­ղե­լով.-

Հէք մարդ­կու­թեան մէկ ոս­տը գօս՝
Հայ­րե­նիք մը ու­նիմ թշո­ւառ,
Չօգ­նած ա­նոր մեռ­նի՜լ անն­շան,
Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցաւ ինձ հա­մար։

Նաեւ ա­զա­տամ­տու­թեան յա­ռա­ջա­պահ մը ե­ղաւ ­Դու­րեան, որ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան ներ­քին կաշ­կան­դում­նե­րուն. «Թր­քու­հին» խո­րագ­րո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը վկա­յու­թիւնն է սի­րոյ եւ գե­ղե­ցի­կի ան­խառն պաշ­տա­մուն­քին եւ սան­ձա­զերծ թռիչ­քին.-

Լանջն է յու­զեալ Ով­կէա­նի մը նման,
Կ’ու­զէ սի­րել… համ­բոյ­րի մ’ հետ նո­ւա­ղիլ,
Նէ շո­ղե­րու, բոյ­րե­րու է թա­գու­հի,
Խոնջ թի­թեռ­նիկ մ­’որ կը խնդրէ ծաղ­կէ թառ.
Ե­թէ շիկ­նի,
Կ’ը­սես.- «­Հի՜­մա կը բռնկի»։

Որ­քա՜ն դի­պուկ է Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեա­նի այն ար­ժե­ւո­րու­մը, թէ՝

Ք­սան­մէկ տա­րե­կա­նին մե­ռած այս հան­ճա­րեղ պա­տա­նին ե­րե­ւոյթ մըն է ոչ միայն հայ, այլ բո­լոր գրա­կա­նու­թեանց պատ­մու­թեան մէջ։ Ան է, որ մեր մէջ հի­մը դրաւ աշ­խար­հա­բար քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, իր ներշնչ­ման խո­րու­թեամ­բը, ան­կեղ­ծու­թեամբն ու ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ե­ղա­նա­կո­վը հաս­նե­լով քիչ ան­գամ հա­ւա­սա­րո­ւող բարձ­րու­թեան մը։

Այ­սօր ծննդեան տա­րե­դարձն է ա­հա կեան­քի եւ սի­րոյ այն­քա՜ն խոր ծա­րա­ւը ու­նե­ցած եւ բաց աչ­քով կեան­քէն առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւած հայ գրա­կա­նու­թեան ­Հան­ճա­րեղ ­Պա­տա­նիին, որ «Իմ Մա­հը» խո­րագ­րով իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վեր­ջին տու­նով ար­տա­յայ­տած էր մա­հո­ւան սնա­րին գտնո­ւող ա­մէն մար­դու խո­րա­գոյն վա­խը, թէ՝

Իսկ անն­շան ե­թէ մնայ,
Երկ­րի մէկ խորշն հո­ղա­կոյտն իմ,
Եւ յի­շա­տակս ալ թա­ռա­մի,
Ա՜հ, ա՛յն ա­տեն ես կը մեռ­նիմ…

Պետ­րոս ­Դու­րեան իր ան­մա­հու­թեամբ… յաղ­թեց մա­հո­ւան։
Ոչ միայն չթա­ռա­մե­ցաւ ­Դու­րեա­նի յի­շա­տա­կը, այ­լեւ՝ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, ան մնա­յուն ըն­կե­րա­կի­ցը դար­ձաւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։
Յա­ւեր­ժու­թեա՛ն ըն­կե­րա­կի­ցը։