Ասորական Կազմակերպութիւնները Թուրքիոյ Կոչ Ըրած Են` Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնները

Շվետի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ 1915-ին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ կազմակերպուած համաժողովի ընթացքին ասորական կազմակերպութիւնները եւ գիտնականները Թուրքիայէն պահանջած են ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութիւնները. Կը հաղորդէ evrensel.net […]

Թուրքիա Կը Վախնայ Արդարադատութենէն․ Արամ Համբարեան

«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով Իտալիոյ եւ Փորթուկալի խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն մասին` Միացեալ Նահանգներու դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդգծեց, որ ամէն մէկ նոր երկրի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով Թուրքիա երթալով աւելի կը մեկուսանայ։ «Անոնք կը տեսնեն համաշխահրային խաղատախտակը եւ գիտեն, որ կը կորսնցնեն իրենց ուժն ու […]

Գանատայի Հայ Դատի Յանձախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Գանատայի Դեսպանատան Գործակատար Տիկ. Անիք Կուլէի հետ

Մայիս 3-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի դեսպանատան գործակատար տիկին Անիք Կուլէի եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու […]

Համահայկական Օրակարգերու Խորհրդակցութիւն-Քննարկում` Լիբանանահայ Համայնքի Հասարակական Եւ Գործարար Անձնաւորութիւններու Հետ

Լիբանանահայ գաղութի  հաստատութիւններու եւ միութենական շրջանակներու հետ կայացած հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ճանաչողական հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ հասարակական եւ գործարարական  մարզերու մէջ յայտնի կարգ մը ծանօթ […]

Գարեգին Բ Կաթողիկոս Սուրբ Պատարագ Մատուցած է Կրէտէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ 350-ամեայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կրէտէ (Յունաստան) հովուապետական այցին երկրորդ օրը` Մայիս 5-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է  Հերակլիոնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Հայ համայնքը Ամենայն […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Համագաղութային Քննարկում Կլենտէյլի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 26 Ապրիլի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պահանջատիրութեան նուիրուած համագաղութային քննարկում մը՝ «Պահանջներ, հատուցում […]

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութեան Հայ Սակրաւորները 25 հազար 290 քմ Տարածք Ականազերծած Են

 Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորները Փետրուար 19-էն Մայիս 2 տեխնիկական հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներու ժամանակ 25 հազար 290 քմ տարածք ականազերծած են: Այս մասին […]

Հալէպի Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» Պարախումբերը Նոր Ոճով ու Գոյնով Ներկայացան Հանդիսատեսին

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Սարդարապատ եւ Շուշի Պարարուեստի Յանձնախումբին, Շաբաթ եւ Կիրակի 27 եւ 28 Ապրիլ 2019-ի […]

Հայկական Խաչքարերու Ցուցադրութիւն՝ Իռլանտայի Գլխաւոր Տաճարին Մէջ

Իռլանտայի մայրաքաղաք Տուպլինի Մայր տաճարին մէջ, որ յայտնի է նաեւ Սուրբ Երրորդութեան տաճար անուանումով, բացուած է հայկական խաչքարերուն նուիրուած լուսնկարչական ցուցահանդէս, որ պիտի տեւէ ամբողջ Մայիս ամսուան ընթացքին։ Ըստ CatholicIreland.net կայքին՝ ցուցահանդէսը […]

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնը Կրնայ 5-6 Ամիս Տեւել

Տարբեր տեղեկութիւններու համաձայն՝ հաւանական է, որ Պոլսոյ նահանգապետարանէն պատրիարքի ընտրութիւններու արտօնութիւնը տրուի մէկ շաբթուան ընթացքին: Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագրապետ Բագրատ Էսդուգեան News.am-ին յայտնած է, որ 25 Ապրիլին, Պոլսոյ […]