Վերականգնուած է Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի հայկական վարժարանը, որ պատերազմի ընթացքին ծանր վնասներու ենթարկուած էր, վերաշինուած եւ վերականգնուած է։ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նորա Արիսեան ֆէյսպուքի իր հարթակին վրայ կը տեղեկացնէ այս մասին գրելով. […]

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով` Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2019-ին, նշեալ ցուցասրահին մէջ  բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։ […]

Լիբանանահայ Ներդրողները Եղվարդի Մէջ Մտադիր են 600 Տուներէ Բաղկացած Թաղամաս Կառուցելու

Լիբանանահայ ներդրողները Եղվարդի տարածաշրջանին մէջ մտադիր են կառուցելու 600 տուներէ բաղկացած թաղամաս: Այդ մասին իր ֆէսյպուքեան էջին մէջ յայտնած է Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը: «Քիչ առաջ մարզպետարանին մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցայ լիբանանահայ ներդրողներու հետ, որոնք […]

Ուխտագնացութիւն՝ Վանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ

Վա­նի Աղ­­թա­­­մար կղզիի Ս. Խաչ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ այս տա­­րի եւս պի­­տի կա­­յանայ տա­­րեկան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը՝ Խաչ­­վե­­­րացի տա­­ղաւա­­րի տօ­­նին առ­­թիւ, կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։ Մշա­­կոյ­­թի նա­­խարա­­րու­­թեան ար­­տօ­­­նու­­թեամբ, տա­­րին ան­­գամ մը այստեղ արա­­րողու­­թիւն կը […]

«Կոմիտաս» Երգչախումբը Երեք Համերգներ Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յառաջիկայ  Սեպտեմբեր 13-ին, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի երկու շաբաթով պիտի մեկնի Հայաստան՝ ընդառաջելով Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Հայաստանի Երաժշտական ընկերութեան (որուն հիմնադրութեան 60-ամեակն է, […]

Դրամաշնորհի եւ Ֆինանսական Աջակցութեան Մրցոյթ Սուրիահայ Ուսանողներու Համար

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը («Հալէպ» ՀԿ)  «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս սիրով կը յայտարարէ սուրիահայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթաթոշակներու եւ ֆինանսական աջակցութեան մրցոյթ: Ծրագիրը կ՛իրականացուի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի […]

Էրտողան Հանդիպած է Մաշալեանի հետ. Շուտով Պիտի Հրապարակուի Կանոնակարգը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Ինչպէս կը տեղեկացն «Ակօս»–ը, Էրտողան եպիսկոպոս […]

Հենրիխ Մխիթարեան Միացաւ Իտալական «Ռոմա»-ին

Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան մէկ տարի վարձակալութեամբ միացաւ «Ռոմա»-ին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ «Ռոմա»-ի Թուիթըրի պաշտօնական էջը: Նախապէս «Ռոմա»-ի Թուիթըրի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած էր նկար, որուն մէջ Մխիթարեան […]

«Ժամանակի Հրաշալիքը» Ժամացոյցի Աշտարակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի յոբելենական մարմինին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, մասնակցութեամբ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ սրտաբուխ նուիրատուներու, կիրակի, […]

Մուսա Լերան Եւ Այնճարի «Յաւերժ Մուսա Լեռ» Երգարանի Գինեձօնը Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի յոբելենական մարմինին, կազմակերպութեամբ  Համազգայինի  Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, 24 Օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մուսա […]