Շիշլի Գերեզմանատան Մէջ Տեղադրուեցաւ Հայ Երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի Արձանը

Սփիւռք

Հոկտեմբեր 5-ին Պոլսոյ Շիշլի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանին բացումը։ Այս մասին կը հաղորդէ “Հայ Եմ” կայքը։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Եպս. Մաշալեան իր դիմատետրի էջին վրայ կը գրէ. “Յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան, իր գործերուն մէջ կը մատնանշէ համայնքային հարցերը: Իր ուրոյն ոճով կերտած երգիծական գրականութիւնը մեծապէս ընդունելութիւն գտած է մեր մօտ: Այսօր, Սարգիս Կիւլէկէչի բարերարութեամբ եւ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած Յակոբեանի արձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան, արուեստագէտ Պօղոս Չալկճեանի, որոնց մասնակցութեամբ լաւապէս ոգեկոչեցինք Յակոբ Պարոնեանը”։