«Աւրորա»-ի Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին

Հոկտեմբեր 2-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները Վատիկանի մէջ պիտի արժանանան Ֆրանչիսկոս պապի ընդունելութեան, կը հաղորդէ  Mediamax-ը։ Ֆրանչիսկոս պապի հետ հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան «Աւրորա»-ի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Զուիցերիա Եւ Հոլանտա

Ընդառաջելով Հոլանտայի Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետին հրաւէրին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կիրակի օր մեկնեցաւ Հոլանտա: Վեհափառ հայրապետին  այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որուն ընթացքին ան երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ տարբեր […]

Դատապարտուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Անգարայի Միջամտութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու յանձնաժողովը (USCIRF) դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի թեկնածուներու հարցով հայութեան վրայ սահմանափակումներ պարտադրելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը։ Յանձնաժողովի ղեկավար Թոնի Փըրքինզ […]

Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Հայաստանին Յաւելեալ Աջակցութիւն Տրամադրելու Առաջարկը

Յանձնախումբի ատենապետ Լինզի Կրեհեմ (ձախ) եւ Քրիս Վան Հէօլըն Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուց Հայաստանի ժողովրդավարացման ջանքերուն յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկը, որ առաջադրուած էր […]

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց Անկախութեան Տօները Նշուեցան Թորոնթոյի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ 28-ամեակի Տօնակատարութեան Թորոնթոյի Միացեալ Մարմնի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, թորոնթոհայութիւնը համախմբուեցաւ իր կուսակցական, եկեղեցական եւ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներով, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահէն ներս, նշելու Հայաստանի եւ Արցախի […]

Իրանի Կողմէ ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան Դեսպան Կը Նշանակուի Լորիս Ճգնաւորեան

Յայտնի երաժշտահան, խմբավար եւ նկարիչ, Իրանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկած են դառնալ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: Այս մասին, ըստ Armedia.am-ի, կը հաղորդէ ԻՌՆԱ գործակալութիւնը: Չորեքշաբթի, ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ, Թեհրանի մէջ կայացած է […]

Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 28-ամեակը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց «Նատի Հալէպ» կեդրոնէն ներս: Այս մասին […]

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչն Ու Նախագահը Այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանան գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, որոնց կ՛ընկերակցէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր երեսփոխան […]

Կիպրոսի Սթրովոլոս Քաղաքի Պատուիրակութիւնը Արցախ Այցելեց

Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի Սթրովոլոս քաղաքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը (Աննա Գարիտի, Իրինի Վիոլարի, Մարիոս Հաճիվասիլու, Մարիոս Անտրէու եւ Փանայոթիս Մանոլի) Արցախ կ՛այցելէ՝ […]

Կարօ Փայլան Կը Հակազդէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Նոր Կանոնագիրի Պայմաններուն

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը պատրիարքութիւն հասած է 23 Սեպտեմբեր 2019-ին: 1961, 1990 եւ 1998 թուակիր պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնները բնական թեկնածու ներկայանալու եւ պատրիարք ընտրուելու կարելիութիւն կու տար այն հոգեւորականներուն, […]