Կ․Պոլսոյ Մէջ Պիտի Տեղադրուի Յակոբ Պարոնեանի Կիսանդրին

Հոկտեմբեր 5-ին Կ․ Պոլսոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի պիտի ունենայ հայ նշանաւոր երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը: Կիսանդրին պիտի տեղադրուի Կ․ Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ: Հանդիսաւոր արարողութեան […]

2.1 Միլիոն Տոլարի Նուէր՝ Նորթրիճի Համալսարանի Հայագիտական Ծրագիրին

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի տնօրէնը՝ Տակէն Հերիսըն կը տեղեկացնէ, թէ անանուն նուիրատու մը 2.1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ ընդարձակելու համար անոր գործունէութեան […]

Հիմնուեցաւ Նիւ Ճըրզիի «Համազգային»-ի «Լեւոն Շանթ» Թատերախումբը

«Համազգային»-ի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, մերթ ընդ մերթ թատերական ներկայացումներով հանդէս եկած էր, սակայն չէր կրցած ունենալ թատերախումբ մը, որ հետեւողական ելոյթներ հրամցնէ գաղութին։ Վերջին փորձը` Ատրիանա Սեւան Նիքըլզի «Գիշեր Երզնկայի […]

Հայ Դատը եւ Յոյներու Խորհուրդը Գործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի Յոյներու խորհուրդը 30 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրեցին փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր մը, […]

«Աւրորա»-ի Ներկայացուցիչները Ստացան Հռոմի Պապի Օրհնութիւնը

 Հոկտեմբեր 2-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ Հռոմի Պապ  Ֆրանչիսկոսի յատուկ օրհնութեան Վատիկան կատարած այցի ընթացքին: Ասիկա պատուիրակութեան` Հռոմ կատարած ծաւալուն այցի մէկ մասն է, որու ընթացքին կայացան  շարք մը […]

Լիբանանի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Վերամուտ

30 Սեպտեմբեր 2019-ին պաշտօնապէս հնչեց Լիբանանի Ազգային Միացեալ վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը սկսաւ ժամանել իր երկրորդ տունը` ազգային վարժարանի հպարտ հայ աշակերտ ըլլալու զգացումով: Աշակերտներուն դէմքերուն եւ […]

«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» Շքանշան՝ Բարերար Բժիշկ Կարօ Դերձակեանին

Սեպտեմբեր 30-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն: Հայաստանի մէջ բժշկութեան յառաջընթացի եւ զարգացման գործին մէջ իր մեծ վաստակին, […]

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիպում Սփիւռքահայ Գրող Վահան Զանոյեանի Հետ

Այսօր` Հոկտեմբեր 1-ին, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ «Արմատներ» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է հանդիպում սփիւռքահայ գրող, համաշխարհային ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ, ճանապարհորդ Վահան Զանոյեանի հետ: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ հանիպումին Վահան Զանոյեան անդրադարձած է գրականութեան […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Արծարծեց Արցախի Տագնապը

ՀՅԴ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վանքուվըրի մէջ […]

Գանատահայ Յայտնի Քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեան Ոչ Եւս է

Գանատահայ անուանի քանդակագործ, Գանատայի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ, Քեպէգի համալսարանի փրոֆեսոր Արտօ Չաքմաքճեան, 86 տարեկանին կնքած է իր մահկանացուն: Ծնած է Գահիրէ: 15 տարեկանին ընտանիքը հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: Մասնագիտական […]