Category: Սփիւռք
Կառչիլ Սկզբունքներուն, Ո՛չ Անձերուն. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երէկ, 3 մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին մէջ իր «Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել» գործէն մէջբերած է հետեւեալ հատուածը. «Մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած տագնապներուն դիմաց Մեր […]
Շիրվանեան Ընտանիքը Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Գիւմրիի «Շիրվանեան» Կեդրոնին
Այս ամառ պիտի նշուի Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձը։ Կեդրոնը կարելի եղած էր մէջտեղ բերել հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ։ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կեդրոնը վերածած է այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայրի մը, կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա դարձած է մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը, նպաստելով Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման։ Նաեւ, «Մենք ենք Գիւմրին» կը տնօրինէ 2017ին մահացած Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ Շիրակի մարզէն համալսարանական ուսանողներու նիւթական յատկացումներ կը կատարէ: Կեդրոնը վերջին քանի մը ամիսներուն նաեւ Արցախի պատերազմէն վնասներ կրած անձերու աջակցելու ջանքերուն աշխոյժ վայրի մը վերածուեցաւ: «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին այս նախաձեռնութիւնները կ՛իրականացուին շնորհիւ համայնքին եւ Շիրվանեան ընտանիքին շարունակուող նեցուկին։ Արդարեւ, Շիրվանեան ամոլի դուստրը՝ Ալիս Պետրոսեան, եւ անոր ամուսինը՝ Վահիկը, վերջերս 8000 տոլարի նուիրատուութեամբ մը ուռճացուցին կեդրոնին եւ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամի գործունէութեան համար անհրաժեշտ գումարները։ Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը Սեպտեմբերին յայտարարեց 2020-2021ի կրթական տարեշրջանին համար՝ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող 12 համալսարանական ուսանողներուն անունները, որոնցմէ երեքը անցեալ տարեշրջանին եւս կրթանպաստ ստացած էին, իսկ մնացեալը՝ առաջին անգամ ըլլալով: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Պապուճեան այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն եւ միւս բոլոր նուիրատուներուն, այս նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնելու՝ իրենց ազգանուէր կեցուածքին համար։ 2020-2021ի կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներուն հովանաւորներն են․ Քարլօ եւ Ազնիւ Պոզողլեան Փիեռ եւ Քեթի Չրախճեան Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեան Շանթ եւ Թամար Պապուճեան 4211 Nogales Dr. հիմնարկը Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեան Արթօ Քէօլէեան Համբար եւ Կարինէ Մելքոնեան Օշին եւ Իրէն Փիրումեան […]
HAYTADOLOGY II Խտացեալ Դասընթացքը Աւարտեցաւ Յուսադրող Մթնոլորտի Մէջ
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Պսակաձեւ ժահրին պատճառով առցանց կազմակերպուած HAYTADOLOGY II Հայկական Ժամանակակից Հարցերու Խտացեալ Դասընթացքը տեղի ունեցաւՓետրուար 24-27 -ին։ Դասընթացքի վերջին օրը տեղի […]
«Արցախը Պատերազմէն Ետք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առցանց Ցուցադրութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 28 Փետրուար 2021ի երեկոյեան ժամը 9-ին, առաջին առցանց ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ «Արցախը պատերազմէն ետք» վաւերագրական ժապաւէնին։ Յոյն հանդիսատեսներուն համար յատկապէս պատրաստուած այս ժապաւէնը, քառորդ […]
Սումկայիթի Ջարդերը Յիշեցում Են Մեր Ժողովուրդին` Միշտ Մնալու Արթուն Եւ Միակամ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Այս տարի 33-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն: Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ […]
Վստահ Ենք, որ Միասնութեան եւ Համազգային Ջանքերու Շնորհիւ Հնարաւոր Պիտի Ըլլայ Կասեցնել Մեր Հայրենիքի Գահավիժման Ընթացք. Հաղորդագրութիւն
Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի համար վճռորոշ այս օրերուն, երբ ՀՀ կապիտուլեանտ եւ դաւաճանական իշխանութիւններու թիրախին յայտնուած է մեր անկախութեան կերտողներէն եւ մեր պետականութեան գլխաւոր խորհրդանիշերէն մէկը, մեր յաղթանակներու եւ […]
«Արցախը Պատերազմէն Ետք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առցանց Ցուցադրութիւն
«Արցախը պատերազմէն ետք» Վաւերագրական ժապաւէնի առցանց ցուցադրութիւն ԿազմակերպութեամբՀ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի Կիրակի՝ 28 Փետրուար 2021,երեկոյեան ժամը 9-ին Վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէ՝Արցախի վրայ գործուած պատերազմական ոճիրներըեւ Փանթուրքիզմի վտանգը։ […]
Վեհափառ Հայրապետներուն Արձագանգը` Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն
25 Փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները արտայայտեցին իրենց կեցուածքները: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Դիմատետրի իր […]
ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը ՀՀ Բոլոր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՝ընէ Քաղաքակիրթ Կերպով Համախմբուելու Հայոց Բանակին Շուրջ. Հաղորդագրութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, մեկնելով Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներէն, կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան հայոց բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի յայտարարութիւնը եւ իր անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր: Հայ Յեղափոխական […]
Արցախը Հայ Երիտասարդութեան Անխոնջ Պայքարի Կիզակէտն է ու Պիտի Մնայ. Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի
Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմին ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները իրենց ամբողջ ներուժով նետուեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան սուրբ գործին։ Մարտական գործողութիւններու մասնակցելով, արտաքին-յարաբերական, տեղեկատուական-քարոզչական, մարդասիրական աշխատանքներու ճամբով՝ դաշնակցական երիտասարդները […]









