Կու գանք Հաստատելու, որ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք Միասնութեան Վրայ Հիմնուած Մեր Պայքարը Աննահանջ է. ՀՅԴ Շուէտի Առանձնակի Կոմիտէ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կառչած հողատու իշխանութիւնները՝ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչները, վերջերս հանդէս կու գան «տարածաշրջանային համագործակցութիւն» Թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ի եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նսեմացնլու յայտարարութիւններով, մինչեւ իսկ կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելութեան իրողութիւնը:

Վերջերս աւելի յստակ կը դառնայ, որ Արցախեան երրորդ պատերազմի մեղքի եւ ամօթի սեւ խարանը իրենց ճակտին կրող այդ խմբակը՝ բացայայտօրէն ժխտելով Արցախը իբրեւ հայկական հողատարածք, ի գործ դրաւ Նոյեմբեր 9-ի անձնատուական համաձայնութեան իր մութ պայմանաւորուածութիւնները, որոնց հետեւանքը եղան Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի ողբերգական ելքը, 5000 նահատակները, հարիւրաւոր գերիները եւ հազարաւոր անօթեւանները, որոնք լքեցին իրենց հայրենի օճախները, Հայաստանի եւ Արցախի որոշ տարածքներ այսօր կը գտնուին ազերի եւ թուրք զինւորներու սպառնալիքի տակ: 5000 նահատակներու արիւնը դեռ չչորցած՝ աթոռին կառչած այս իշխանութիւնները կը բարբաջեն համագործակցութեան ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու մասին, որ դժուար ըմբռնելի է ոեւէ հայու հասկացողութեամբ:

Քանի մը օր ետք կը թեւակոխենք 24 Ապրիլը, որ իւրաքանչիւր զտարիւն հայու մտքի եւ խղճի մէջ ոչ միայն յիշատակելի պարզ օր մըն է, այլեւ՝ պայքարի, պահանջատիրութեան օր: Սակայն, երբ հակահայ արշաւի յորձանքը դիմակայելու առաքելութեան հաւատարիմ Հայ Դատի յանձնախումբերը ամէնուր անհաւասար պայքար կը մղեն թուրք ազերիական քարոզարշաւի մեքենային դէմ, անդին «իմ քայլական» իշխանութեան ներկայացուցիչները թշնամիին քծնող եւ ազգադաւ ելոյթներով կը փորձեն լուրջ հարուած հասցնել տարիներու հետեւողական ճիգով ձեռք բերուած Հայ Դատի նուաճումներուն եւ օտարման սեպ կը խրեն Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ:

Առաւել, անոնք լրջագոյն սպառնալիք կը հանդիսանան մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան: Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը մոռացութեան տալով՝ «իրապաշտութիւն» խաղալու նման փորձերը կը սասանեն Հայաստանի գոյութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի սեմին՝ կու գանք հաստատելու, որ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնութեան վրայ հիմնուած մեր պայքարը աննահանջ է ու մեր իրաւունքները անժամանցելի են, ինչքան Հայաստանի ներկայ վարչակազմը Ցեղասպանութեան գծով, համակերպութեան եւ զիջումներու միտող աններելի թրքահաճոյ յայտարարութիւններով հանդէս գայ:

Շուէտիոյ հայութիւնը՝ իր բոլոր միութիւններով եւ մարդուժով՝ պիտի ծառայէ Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններու ամրապնդման եւ ամրակայման՝ յաղթահարելու պատերազմէն ետք ծագած դժուարութիւնները:

Շուէտիոյ ՀՅԴ կառոյցը կը վերահաստատէ՝ ամբողջական ներուժը ի գործ դնել Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ իր յանձնառութեանց իրականացման նպատակին:


ՀՅԴ Շուէտի առանձնակի կոմիտէ