Պոլսոյ Մէջ Յիշատակուեցաւ Հրանդ Տինքի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցը

Ոգեկոչուեցաւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան 19-րդ տարելիցը անոր նահատակութեան վայրին՝ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան առջեւ։ Այս տարի եւս ոգեկոչման հաւաքին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը: Հաւաքին […]

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն. Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները համախմբուեցան` մասնակցելու Քրիստոնէական միութեան Աղօթքի շաբթուան պաշտօնական բացումի հանդիսաւոր արարողութեան, Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին: Արարողութեան […]

Գերաշնորհ Տ․ Պարթեւ Եպիսկոպոս Բարսեղեան Նշանակուած է Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ․ Պարթեւ եպիսկոպոս Բարսեղեանը, ազատուելով Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն, նշանակուած է Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ։ Զուիցերիոյ Հայոց թեմի […]

ԱՄՆ Հայ Դատը Կոչ Կ՝ընէ Թրամփի Վարչակազմին` Ապահովել Բոլոր Հայ Գերիներուն Վերդարձը

Այսօրուան գերիներուն փոխանակումը ցոյց կու տայ ազրպէյճանի կողմէ պատանդներու դիւանագիտութեան շարունակական կիրառումը՝ Հայաստանէն քաղաքական զիջումներ կորզելու համար։ Այս մասին կը գրէ ԱՄՆ Հայ Դատը։ Առնուազն 19 հայ գերի կը մնայ […]

«Հայկական Իրաւական Կենտրոն»-ի Յայտարարութիւնը Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Առիթով

Հայ Դատի համակարգին մէջ գործող «Արդարութեան եւ մարդու իրակունքներու հայկական իրաւական կենտրոն»-ը կ՝ողջունէ Վագիֆ Խաչատրեանի, Վիգէն Էուլճէքճեանի, Գէորգ Սուճեանի եւ Դաւիթ Դաւթեանի անվտանգ վերադարձը Հայաստան, որոնք ազատ արձակուած են ազրպէյճանական […]

Մեր Աղօթքն է, Որ Բոլոր Գերեալները Շուտափոյթ եւ Ապահովաբար Վերադառնան Հայրենիք․ Գարեգին Բ․

Մխիթարութիւն եւ հոգու ուրախութիւն էր Մեզի համար տեղեկանալ պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող չորս հայորդիներու հայրենիք վերադարձի մասին։ Այս մասին ըսուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութեան […]

«Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

Լոյս տեսաւ «Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717-728) սուրբը, կանոնագէտը եւ Մեծ վարպետը հայ միջնաշխարհեան մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան»-ը, որ երկրորդ երկլեզու հատորն է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մատենաշարին` «Հիմնահարցեր եւ […]

ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Գէորգ Սուճեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էուլճէքճեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Յանձնուած են Հայաստանի Համապատասխան Մարմիններուն

ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուածներէն Գէորգ Սուճեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էուլճէքճեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Յունուար 14-ին Հագարի կամուրջով ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ արդէն կը […]

Լոյս Տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» Հատորը Հայերէն Թարգմանութեամբ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Իտալերէնէ թարգմանուած` Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, «Սիս» հրատարակչութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի, Նիւ Եորք, 2025, 104 էջ, հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ տիկ. Անահիտ Գասարճեանի (Նիւ Ճըրզի): […]

Նոշաթելի Սուրբ Խաչ Եկեղեցական Ծուխը Լուծարելու եւ Գործունէութիւնը Դադրեցնելու Նախաձեռնութիւնը Անհիմն է եւ Անօրինական

Ի պատասխան Զուիցերիոյ թեմի Առաջնորդական տեղապահ Ծ. Վարդապետ Գուսան Ալճանեանի յայտարարութեան՝ իր կողմէ Նոշաթելի ՍՈւՐԲ ԽԱՉ եկեղեցական Ծուխի լուծարման եւ գործունէութեան դադարեցման մասին։ Ծ. Վարդապետ Գուսան Ալճանեան դուք կը պատճառաբանէք, […]