Category: Յօդուածներ – Զրոյցներ
Բարին, Գեղեցիկը Եւ… Ճշմարիտը
Կարօ Արմենեան Այս բառերը ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Ռէթէոս Պէրպէրեանի տապանաքարին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմաննոցը։ Պատանի էի։ Ճեմարանի Առաջին Լսարանի աշակե՛րտ։ Եւ այդ ամառ, մեծ յափշտակութեամբ կը պեղէի Պոլիսը։ […]
Արեւմտահայերէնի Ումուցումը Հայաստանի Դպրոցներէն Ներս
Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, ինքնութեան ժառանգութիւնը, զոր կորսնցնելով, կը կորսնցնենք մեր լինելութեան պահպանման հիմնասիւնը։ Լեզուն նաեւ լեզուամտածողութիւն է, ապրում, ներշնչանք, որուն դրսեւորման ամենավառ վկայութիւնը Վազգէն Շուշանեանի հետեւեալ տողերն […]
Ակնարկ. Պարտադրուող Օրակարգեր
«Ազդակ» Եւրոպական բաժնետոմսային պարտամուրհակի վճարման ժամկէտի սպառման նախօրեակին մտահոգութիւնները եւ յոռետեսական կանխատեսումները կը զարգանան` երկրի ու հասարակութեան առջեւ ծառացած ամէնէն ծանր իրավիճակին եւ անկէ բխած անորոշութեան մթնոլորտը թէժացնելով: Առաջարկուած միջոցները […]
Թուրքիոյ Հակառակորդները Կը Միանան
«Գանձասար»-ի խմբագրական Սուրիական տագնապը հրահրելու եւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու առաջին իսկ օրերէն, Թուրքիոյ նախագահին կը թուէր, թէ ուժեղ խաղաքարտերով պիտի կարենայ ազդեցիկ ուժ դառնալ Սուրիոյ մէջ: Ան յաւակնութիւն […]
Սուրիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Արեւմտեան Հայաստանը
Քրիստափոր Իսկէնտէրեան Լռութեան 105 երկա՜ր տարիներէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին ականատես երկիրը, որուն հողն ու անապատի աւազը պարուրուած են իրենց իսկ վրայ վերջին շունչ փչած սրբադաս նահատակներու աճիւններով, որուն քարայրներուն […]
«Հայոց Լեզուն Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը Պետութեան Հոգածութեան Եւ Պաշտպանութեան Ներքոյ Են»
Կարօ Արմենեան Կարդացէ՛ք Հ.Հ. Սահմանադրութեան 15-րդ յօդուածը, որ վերոյիշեալ վերնագրի բառերով յստակօրէն կը խօսի մեր լեզուի և մեր մշակոյթի վերաբերմամբ պետութեան պատասխանատւութեան մասին։ Սահմանադրութիւնը կը մերժէ խտրականացնել լեզուի հարցը։ […]
Պսակաձեւ Ժահր (corona-virus)
Արմենակ Եղիայեան Ծ․Խ․- Ըստ երեւոյթին, վերջերս անսանձելի Քորոնա ժահրը, նաեւ մուտք գործած է հայերէն լեզուին մէջ։ Հետզհետէ աւելի կը գործածուի այս բառը, որուն լաւագոյն թարգմանութիւնը, ըստ հայ լեզուագէտ Արմենակ Եղիայեանի […]
Առօրեայ Խօսքի Արտայայտչաձեւերն Ու Յատկութիւնները
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան «Գանձասար բացառիկ 2020» Առօրեայ լեզուն կը տարբերի պաշտօնական լեզուէն անով, որ խօսողին յարաբերութիւնը լեզուին հետ աւելի անմիջական կ’ըլլայ։ Խօսքը կ’արտաբերուի յանպատրաստից, անկաշկանդ։ Բառեր գեղեցկացնելու ճիգեր չեն ըլլար հոն, […]
ՆՇՄԱՐ.- Եւրոպա Ոտքի Կ՝ելլէ Ընդդէմ Էրտողանի Ոտնձգութեան
Ս. Մահսէրէճեան Մարտի առաջին օրերուն, Եւրոպայի մէջ արագ արթութիւն մը նշմարուեցաւ, ի տես Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նորագոյն ոտնձգութիւններուն։ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան՝ Իտլիպի շրջանին մէջ բացայայտօրէն նահանջելու պարտադրուած Թուրքիա, իր յելուզակութիւններուն համար […]
Եթէ Խօսէինք Տարբերութիւններու Եւ Անոնց Մէկի Վերածման Մասին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսայի նախագահներէն Ժագ Շիրաքի կինը` Պեռնատեթ Շիրաք, առիթով մը կենսափորձէ բխած պարզ եւ թափանցիկ խօսք ըսած է. «Մերձաւորին հանդէպ սիրոյ պակասը կը յանգեցնէ եսասիրական եւ յուսահատական ընկերութեան մը»: […]










