Փաշինեան Չկարենալով Վերափոխել Երկիրը` Կրկին Տարուեցաւ Զինք Իշխանութեան Բերած Ժողովրդականութեան․ Freedom House-ի Փորձագէտ

Freedom House-ի Յատուկ հետազօտութիւններու տնօրէն (Director for Special Research) Նէյթ Շէնքան անդրադարձած է այսօր առտուընէ ՀՀ բոլոր դատարաններուն մուտքերն ու ելքերը փակելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին: Յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ […]

Արայիկ Յարութիւնեան Պիտի Մասնակցի 2020-ին Արցախի Մէջ Տեղի Ունենալիք Նախագահական Ընտրութիւններուն

«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` Արցախի մէջ գործող «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած է ծրագրային ելոյթով` ներկայացնելով կուսակցութեան նոր  օրակարգը, յառաջիկայ ծրագիրներն ու ընելիքները, ինչպէս նաեւ յստակ դիրքորոշում արտայայտած է […]

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրէ Ազատութեան Հրապարակի Վրայ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Մայիս 23-ին ժամը 19:00 -ին Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրէ հանրահաւաքի: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Ան, […]

Հայաստանի Մէջ Ժողովուրդին Վստահութիւնը Չվայելող Դատական Համակարգ Չի Կրնար Ըլլալ. Վարչապետը Ներկայացուց Իր Կոչին Խորհուրդն ու Նպատակը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանեց Մայիս 20-ի վաղ առաւօտէն Հայաստանի բոլոր դատարաններու մուտքերը արգելափակելու իր կոչին խորհուրդն ու նպատակը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ իր ուղերձին մէջ ՀՀ վարչապետը […]

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: ՀՀ վարչապետը այս մասին գրած է Facebook-ի իր էջին: «Անոր ներկայացուցի Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացները՝ արձանագրելով, […]

Արձանագրուած Յաջողութիւնները Հնարաւոր է Պահպանել Միայն Սիրոյ Ոգիի Ամրապնդումով. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ մեր, Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք անցնող քանի մը ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրինայարգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները հնարաւոր է […]

ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Հանդէս Եկած է Յայտարարութեամբ

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ ՀՀ վարչապետի՝ երկրի բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը արգելափակելու կոչին վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անհրաժեշտ կը […]

Մարդիկ Արգելափակած են ՀՀ Դատարաններուն Մուտքերը

Հետեւելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին՝ մարդիկ այսօր առաւօտէն արգելափակած են դատարաններու շէնքերուն մուտքերը: Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ ժամը 8:30-էն արգելափակուած է, մասնաւորապէս, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Նոր Նորքի նստավայրին մուտքը: […]

ՀՀ Իշխանութեան Ճիւղերը Պէտք է Արտացոլեն Հայաստանի Ժողովուրդի Հաւաքական Կամքը եւ Ծառայեն Սահմանադրական Նպատակներուն. Արմէն Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է ուղերձով։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան Հետ կապերու վարչութիւնը։ «Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացները անշրջելի են, պէտք չէ որեւէ մէկուն մէջ երկմտանք յառաջացնէ ոչ Հայաստանի, ոչ ալ անոր սահմաններէն դուրս: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ՀՀ իշխանութեան ճիւղերը՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական,   պէտք է արտացոլեն Հայաստանի ժողովուրդի հաւաքական կամքը եւ ծառայեն իրենց սահմանադրական նպատակներուն։ Ուստի կոչ կ’ընեմ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ զբաղեցուցած հասարակական ու քաղաքական դիրքէն եւ պաշտօնէն՝ պահպանել հանգստութիւն եւ հանդարտութիւն, պահպանել սահմանադրութիւնն ու օրէնքները։ Այս պահուն աշխատանքային այցով գտնուելով արտերկիր՝ անընդհատ կապի մէջ եմ համապատասխան պետական մարմիններու հետ: […]

Սպիտակի Մէջ Պիտի Գործէ Խնամքի Ցերեկային Կեդրոն

Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ վերաբացուած է Տարածքային մանկավարժական եւ հոգեբանական աջակցութեան կեդրոնը, որ այսուհետեւ յատուկ կարիքով շուրջ 100 երեխաներու պիտի մատուցէ նաեւ ցերեկային խնամքի ծառայութիւն: Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութենէն […]