Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Փաշինեան Պիտի Հանդիպի Նախագահ Փութինի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6-7 Յունիսին, աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ռուսիա՝ մասնակցելու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային տնտեսական համաժողովին, որուն ընթացքին ան հանդէս պիտի գայ ելոյթով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Այցելութեան ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նախատեսուած են վարչապետի այլ հանդիպումներ զանազան երկիրներու առաջնորդներու, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:

Փաշինեան նաեւ պիտի հանդիպի Փեթերզպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: