ԱԿՆԱՐԿ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն Մարտահրաւէր Հայութեան

Uncategorized, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տարեկան 43-րդ համաժողովը յստակ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման կը դնէ մեզ՝ հայերս, իբրեւ պետական կառոյցներ, իբրեւ մշակութային միաւորներ եւ հայկական կեանքին մէջ գործող մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններ, մէկ խօսքով՝ մեր ամբողջ ժողովուրդը, որպէսզի աշխատանքի ձեռնարկենք եւ ձախողութեան մատնենք այս ժողովին Պաքուի մէջ կայացումը։ Սա նաեւ հրաւէր է, որ աւելի՛ արթուն հետեւինք մեր շուրջ-բոլորը անցած-դարձածներուն եւ մեր գլուխները բարձրացնենք մեր ներքին աքլորամարտերէն վեր, մեր ճիգերը աւելի՛ լարենք ու համակարգենք ի խնդիր աւելի լուրջ խնդիրներու, մեր իրաւունքներուն հետապնդման իսկական աշխատանքներուն եւ թշնամիներուն դիմակազերծումին վրայ։ Ատրպէյճանի դէմ մեր արդար պայքարին համար նորագոյն առիթ մը հրամցուած է մեզի…

ՊԱՔՈՒՆ՝ ԱՆՅԱՐՄԱՐ ԺՈՂՈՎԱՏԵՂԻ

Նախ քանի մը բառով բացատրենք կացութիւնը եւ մեր ակամայ անտարբերութիւնը, երեւութական անտեղեակութիւնը մեզ շահագրգռող իրադարձութեանց նկատմամբ։

Տարի մը առաջ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն իր 42-րդ ժողովը գումարեց Մանամայի մէջ, Պահրէյն, եւ համաշխարհային ժառանգութեանց յանձնախումբի նախագահ ընտրեց Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Ապուլֆազ Կարաեւը. յանձնախումբին միւս անդամներն են Պրազիլիա, Պուրքինա Ֆասօ, Ինտոնեզիա, Նորվեկիա, Թունուզ եւ Աւստրալիա, որուն ներկայացուցիչը նշանակուած է համակարգող-տեղեկագրող։ Մանամայի ժողովին, որոշուեցաւ յաջորդ համաժողովը ունենալ Պաքուի մէջ, 30 Յունիսէն 10 Յուլիս 2019-ին, այսինքն մօտաւորապէս ամիս մը ետք։

Յաւելեալ մանր տեղեկութիւններ. Ատրպէյճան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին վրայ ունի երկու վայր, իսկ Հայաստան ունի անկէ շատ աւելին՝ Էջմիածինը, Զուարթնոցը, Հաղբատն ու Սանահինը, Գեղարդը։ Ատրպէյճան իր դրամին միջամտութեամբ հիւրընկալած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այլ համագումարներ։ Մէկ խօսքով, Պաքուի քարիւղի հորերը հրապուրած են նա՛եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պէս յարգարժան կազմակերպութիւն մը. այս միաւորին սկզբնատառերը կþըսեն, թէ սա ուսմանց-կրթութեան, գիտութեանց ու մշակոյթի ՄԱԿ-ի բաժանմունքն է։

Հիմա մտնենք այն դաշտը, ուր մենք մեզ պէտք է մարտահրաւէրի դիմաց զգանք յառաջիկայ ժողովին վայրին պատճառով, օգտագործենք ներկայացող այս առիթը։

Նախ պէտք է հաստատենք ու աշխարհն ալ համոզենք, որ Ատրպէյճանի անունն իսկ հականիշ է գիտութեանց, մշակոյթի եւ լայն իմաստով՝ ուսումի, ուրեմն, Պաքուն կրնայ վերջին վայրերէն մէկը ըլլալ նման ժողովի մը համար։ Այս երկիրը հազիւ 100 տարուան կեանք ունի, հետեւաբար, մշակութային ժառանգութեանց անունով խօսելու յաւակնութիւն չի կրնար ունենալ, բոլորին ծանօթ է (մեր պարտականութիւնն է ծանօթ չըլլալ ձեւացնողին գլուխը մրճահարել… առանց կոտրելու), որ կը փորձէ իբրեւ իրը ներկայացնել այն ժառանգութիւնները, որոնք այլ ժողովուրդներ, մասնաւորաբար հայեր դարեր շարունակ ստեղծած են 100 տարիէ ի վեր իբրեւ Ատրպէյճան ճանչցուած հողերուն վրայ։ Այս բոլորը չեն բաւեր կարծէք, եւ ահա, Ատրպէյճան հետեւողական կերպով կը փճացնէ, կը փոշիացնէ այդ ժառանգութիւնները, միաժամանակ կը յոխորտայ թէ ինք մշակոյթի պաշտպան է, եւ… հաւատացողներ կը գտնէ, որովհետեւ ասպարէզը իր դիմաց բաց գտած է։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ վկայագրեց, որ ազերի զինուորները ինչպէ՛ս, պետական դրդումով ու ծրագրումով՝ օր-ցերեկով քանդեցին ու Արաքս գետը թափեցին Նախիջեւանի հայկական բազմահարիւր խաչքարերը։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ հայկական դարաւոր այլ ժառանգութիւններ, յուշարձաններ ու կոթողներ լքուած, քանդուած ու փոշիացուած են անցեալ տասնամեակներուն, նոյնինքն Պաքուի վարիչներուն ծրագրումով։ Այս վարքագիծը ուղղակի ընդօրինակումն է Թուրքիոյ վարմունքին. ծանօթ է, որ Թուրքիա եւս թողլքած, քանդած ու փոշիացուցած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական դարաւոր ժառանգութիւնները, իսկ ինչ որ մնացած է անոնցմէ՝ կը փորձէ աշխարհին ծախել իբրեւ «թրքական ստեղծագործութեան» նմուշներ։ Ճիշդ է, Աղթամարի մը կամ Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ դէմ մեքենայութիւնները համապատասխան արձագանգ գտան եւ կը գտնեն հայկական աշխարհին մէջ, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատը եւս որոշ շարժում ստեղծեց, սակայն երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, ի՛ր իսկ կողմէ վկայագրուած ոճիրները մոռնալով՝ Պաքուն կþընտրէ իբրեւ յառաջիկայ ժողովին վայրը, կը նշանակէ, թէ նեխած բան մը կայ ո՛չ միայն Դանիոյ թագաւորութեան, այլ ամբողջ աշխարհի տարածքին, հետեւաբար, կարելի չէ՛ ու պէ՛տք չէ ձեռնածալ մնալ ու անտարբերութիւնը շարունակել, այլ պէտք է լծուիլ մեր իրաւունքին կատարման։

ՄԱՆՐ ԵՒ ԷԱԿԱՆ «ԻՆՉՈՒ»ՆԵՐ

Չենք ուզեր հարցադրումները սկսիլ անկէ, թէ Հայաստանի նման մշակութային դարաւոր ժառանգութեան տէր երկիր մը ինչո՞ւ հեռու ինկած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն, կամ՝ հայկական այլ դարաւոր կոթողներ ինչո՞ւ մինչեւ օրս տեղ չեն գտած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութիւններու ցուցակին վրայ. պէտք չունինք թուելու զանոնք. Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի կը գտնենք նախաքրիստոնէական դարերէն մնացած կոթողներ, թէեւ պէտք եղած հոգածութեամբ չենք վերաբերիր անոնց հետ, ու կը յոխորտանք Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու յաւակնութիւններով։ Հոս մեր արծարծած էական հարցերը կը ծագին այն կէտէն, թէ իբրեւ պետութիւն եւ կազմակերպութիւններ՝ ի՞նչ ըրինք, երբ իմացանք, որ 43-րդ համաժողովը Պաքուի մէջ նախատեսուած է, կամ ի՞նչ կþընենք հիմա, երբ արդէն ժողովին նախապատրաստութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին։ Կþարժէ այցելել այս համագումարին կայքէջը, տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կþանցնի-կը դառնայ մեր «քիթին տակ»։ Մինչդեռ, պարտինք (երբեք ալ ուշ չէ) յստակ թղթածրարներով ներկայանալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ու յիշեալ յանձնախումբի անդամ երկիրներուն, բանալու համար Ատրպէյճանի դիմակը (ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ… դմակը), ցոյց տալ անոր ոճրածին ուղեղը, Մշակոյթ ու Գիտութիւն հասկացութեանց հականիշ ըլլալու անոր իսկ տուած փաստերը։ Եւ չմտածենք, որ յանձնախումբի անդամ կարգ մը երկիրներ իսլամ են ու ինքնաբերաբար պիտի կանգնին Պաքուի կողքին. մշակոյթի փճացումը կրօնական պատուարներ չէ ճանչցած, անոր դէմ միջոցառումները նմանապէս պատուար չեն կրնար ճամչնալ, երբ ոճիրը լուսարձակի տակ բերողը կրնայ հարցերը ներկայացնել իրենց իսկական պատկերով։ Որեւէ երկիր կամ ներկայացուցիչ չի կրնար անտարբեր մնալ ոեւէ ժողովուրդի ժառանգութեանց փճացման նկատմամբ, վնասուողը ըլլայ աֆղան, սուրիացի, եգիպտացի, եմէնցի, յոյն, թէ այլ ցամաքամասերու զաւակ։ Հայաստանի իշխանութիւններն ու հայկական այլ միաւորներ եթէ այս ուղղութեամբ որեւէ քայլ առած են եւ մենք անտեղեակ ենք, թող ներուի մեզի այս քանի մը տողը, սակայն որքան որ հետեւած ենք հայկական աշխարհի լրատուամիջոցներուն եւ պաշտօնական հրապարակումներուն, այս մասին ուշագրաւ բան չենք նկատած (Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը իր 4 Յունիսի թիւով ահազանգող առաջնորդող յօդուած մը ունի)։ Կարելի է կարկինը լայնցնել ու հասնիլ ՄԱԿ-ի այլ անդամներուն ալ, յուշելու համար Ատրպէյճանի ոճրային ու հակամշակոյթ նկարագիրը։ Մեր թղթածրարները կրնան տարածուիլ Մարդկային ու Մշակութային այլ ոլորտներու վրայ. օրինակի համար, յիշեցնել, որ ազերի զինուորական մը կացինահար ըրաւ համատեղ մարզումի համար եւրոպական ոստան մը գացած հայ սպայ մը եւ դատապարտուելէ ու պատիժի ենթարկուելէ ետք, իբրեւ հերոս դիմաւորուեցաւ Պաքու վերադարձին ու այսօր ալ իբրեւ տիպար հերոս կը ճանչցուի Ատրպէյճանի մէջ։ Եթէ Նախիջեւանի խաչքարերուն փճացումէն բարձրացած փոշին ֆիզիքապէս հանգչած է հիմա, մելանը դեռ չէ չորցած այն էջերուն, որոնք արձանագրուեցան դեռ երէկ, երբ անգլիական երկու խումբերու՝ Արսենալի եւ Չելսիի միջեւ մրցումին առիթով, Հենրիկ Մխիթարեանի մը զլացուեցաւ ֆութպոլիստի ասպարէզին մէջ հազուադէպօրէն ներկայացող՝ պատուաբեր մրցումի մը մասնակցութիւնը, նաեւ այն՝ որ հայերու Ատրպէյճան մուտքին դէմ արգելք դրուեցաւ։ Եթէ այս բոլորը հակամշակոյթ նկարագիրի արտայայտութիւններ չեն, հապա ի՞նչ են Արցախի ժողովուրդին դէմ շղթայազերծուած պատերազմներն ու յաճախակի յարձակումները, ինչպիսի՞ մշակոյթի դրսեւորում են Արցախի սահմանին վրայ ամէն օր շարունակուող արձակազինութիւններն ու ռմբակոծումները, սահմանապահ զինուորներու սպանութիւնը, որուն դիմաց, մեր ձայնը չի բարձրանար անհրաժեշտ հնչեղութեամբ, մինչեւ իսկ արձակազէնի զոհ գացած զինուորի մը նահատակութեան լուրը առաջնահերթ տեղ չի գրաւեր ու կը դառնայ երրորդ կամ չորրորդ կարգի լուր, իսկ անդին, ծայր կու տայ խաղաղասիրական քարոզչութիւն, իբրեւ խաղաղասէր՝ աշխարհին «աչքը մտնելու» եւ բարի վարուց վկայական հայցելու վարմունք մը, կարծէք թէ մենք եղած ըլլայինք կամ ենք նախայարձակը, խաղաղութիւն չուզողը։ Վերջապէս, պատրաստ ունինք կարգ մը թղթածրարներ, որոնք տակաւին երէկ աշխարհին աչքերուն առջեւ ցուցադրեցին եւրոպացի այն պաշտօնատարները, որոնք կաշառք ստացած էին Ատրպէյճանէն…

ՀԵՌԱՆԱԼ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ

Ահա թէ ինչպիսի՛ շօշափելի եւ առաջնահերթ հարցեր, մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք իբրեւ պետութիւն եւ աշխարհատարած հայութիւն։ Կարելի՞ է այս ու նման հարցերու նկատմամբ ցուցաբերել աւելի լուրջ ու նախաձեռնողի ընթացք։ Անշո՛ւշտ որ այո, պայմանաւ, որ քիչ մը աւելի շրջահայեաց դառնանք, ըլլանք աւելի արթուն եւ մանաւանդ մեր գլուխները առաւելաբար չթաղենք այնպիսի հարցերու մէջ, որոնք ահաւասիկ տարիէ մը ի վեր կը դիտուին խոշորացոյցով ու կը կլանեն մեր ներուժին ու ժամանակին մեծագոյն բաժինը։

Եթէ նախկին իշխանութիւններու օրով գործուած սխալներ, բացթողումներ, կողոպուտներ ու ոճիրներ պէտք է հետապնդել, եթէ դատական համակարգ պէտք է բարեկարգել, պետական այս կամ այն կառոյցը հականեխել ու վերակազմակերպել, այո՛, այդ բոլորը պէ՛տք է ընել եւ չդանդաղիլ։ Ո՞վ ըսաւ, որ ամէնէն զարգացած երկիրներու մէջ նման գործընթացներ անհրաժեշտ չեն. ո՞վ ըսաւ, որ բարեկարգում, յառաջաքայլ՝ սահմանուած են այս կամ այն ժամանակամիջոցով, պէտք է անպայման այս կամ այն գոյնի կամ կերպասեղէնի հիմունքներով յեղափոխութիւն ընել, որպէսզի երկիրը նկատուի յառաջընթացի մէջ, վերածուինք անիւի գիւտը ընողի…։ Մինչեւ իսկ սահմանադրութիւն կոչուած արժէքը որեւէ երկրի մէջ անփոփոխելի ու քարացած արձանագրութիւն չէ, ժամանակի ու իրականութեանց զարգացման հետ, անիկա կրնայ բարեփոխութեան ենթարկուիլ խաղաղօրէն, խելք ու իմաստութիւն գործածելով ու օրէնքին ճշդած ճամբաներով։ Սակայն երբ նման քայլեր ակներեւ կերպով լծուին քաղաքական այս կամ այն ջաղացքին՝ կը ստեղծուին փոխադարձաբար զիրար վանելու, գործակցական դաշտեր փճացնելու եւ խրամատները խորացնելու ընթացք. մինչդեռ պարզ տրամաբանութիւնն ու բանականութիւնը մեզի ցոյց տուած է ու կը սորվեցնէ, որ նախորդ շրջաններու իրագործումները պէտք չէ  բացարձակապէս վանել ու մերժել-դրժել, այլ տեսնել, որ անցեալ աւելի քան մէկ դարու դրական ձեռքբերումները կրնա՛ն ծառայել ու կը ծառայեն այսօրուան անկախ Հայաստանին, տեսնել նաեւ, որ յետ-անկախութեան առաջին օրերէն ալ եղած են աններելի սխալներ։ Տրամաբանական չէ, որ պետական համակարգին մէջ գործող բոլոր նախկինները, անոնք ըլլան գործադիր, օրէնսդիր ու դատական իշխանութիւններուն կամ տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ մէկ տոպրակի մէջ դրուին իբրեւ փճացած անպէտներ, երկրին ու ժողովուրդին շահերուն դէմ գործողներ. օրինակի համար, եթէ քանի մը տասնեակ դատաւորներ կաշառակեր են ու անուղղայ գործ տեսած են, ինչո՞ւ պէտք է ամբողջ դատական համակարգը վարկաբեկուի, օր մըն ալ անդամալուծութեան ենթարկուի ու առիթ տայ հիմնաւոր կամ անհիմն մեկնաբանութիւններու, թէ՝ նման «կտրուկ միջոցներ» կապ ունին Ռոպէրթ Քոչարեանի մը ազատ արձակման կամ զայն կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութեան հետ։ Քաղաքական անհաճոյ այսօրինակ մրցակցութիւն, անձերէ աւելի, կը վարկաբեկէ նոյնինքն Հայաստանն ու վարկաբեկողը, որ կանգնած է իշխանական կամ ընդդիմադիրի դիրքերու վրայ։ Հո՞ս ալ պէտք է տարուինք այն մտածումով, որ ամերիկացիք եւ այլ «զարգացած ժողովուրդներ» չեն վարանոր ցեխը ձգելու այժմու եւ նախկին նախագահներ ու բարձրաստիճան պատասխանատուներ, եւ այդ՝ խօսքի ազատութեան ու անկաշկանդ ժողովրդավարութեան դրօշներուն տակ։ Պէ՞տք է կորսնցնենք ողջմտութիւնն ու լրջախոհութիւնը՝ չընդօրինակելու եւ չթութակելու համար այն՝ ինչ որ կը հրամցուի մեզի, մոռնալով մեր սեփական արժէքներն ու անոնցմէ բխող չափանիշները…

Տակաւին կայ աւելի՛ մտահոգիչն ալ. երբեմն քաղաքական ասպարէզն ու զանգուածային մամուլը, համացանցային միջոցներ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը տարուին այնպիսի քարոզչութեամբ, որ նոյնիսկ եթէ չեն ներշնչուիր ազերիական աղբիւրներէ ու հաշիւներէ, իրողապէս  լայն ծառայութիւն կը մատուցեն – կը հաւատանք որ՝ անգիտակցաբար կամ անզգալաբար – թշնամիին։ Այս դաշտին մէջ ակներեւ է քաղաքական հակադիր խմբաւորումներ թուրքին ու ազերիին հետ համադասելու մոլուցք, անոնց մէջ տեսնելու դարաւոր թշնամիին կամակատար-գործակիցը ըլլալու յատկանիշներ, որոնք ոխակալութիւն կը հրահրեն համապատասխանաբար, եւ մեզ՝ ազգովին կը ձգեն այնպիսի խորխորատներու մէջ ու ա՛յնքան կը կլանեն անհարկի մանրուքներու մէջ, որ էական հարցեր ու մարտահրաւէրներ կը մնան մեր տեսողութեան ու քաղաքական հետաքրքութեան-աշխատանքի դաշտերէն դուրս։

Կրկնենք. ոչ ոք դէմ է բարեփոխման, սրբագրումի եւ բարեկարգումի, եւ այդ՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ ու բոլոր ոլորտներուն մէջ, սակայն նոյնքան հրամայական է, որ մէկդի թողունք չափազանցութիւնները եւ գերի չմնանք կարգ մը խոշորացոյցներու, այլ երկիրը տանինք դէպի յառաջ, ժողովուրդն ու հայրենիքը ազատագրենք «անցեալի վհուկներու» պատանդի վիճակէն։

ՉԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼ ՓՈՔՐԱԳՈՅՆՆ ԱՆԳԱՄ

Չի բաւեր աւաղել, որ Ատրպէյճանը իր քարիւղէն տարածուած բոյրով այս կամ այն երկիրին, մեծ ու շրջանային ուժին նախասիրած երկիրը պիտի ըլլայ ընդհանրապէս, այլ անհրաժեշտ է Սասունցի Դաւիթի կամքով ու վճռակամութեամբ պայքարի դաշտ ելլել մեզմէ աւելի հզօր թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի դէմ, որոնք Մսրայ Մելիք կը կոչուէին դիւցազներգութեան մէջ։ Աւելի կարեւորը՝ պէտք է լսողութեան ու տեսողութեան դաշտերը անսահմանօրէն բաց պահել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յառաջիկայ ժողովին ու նմանօրինակ իրադարձութիւններու դիմաց, ու մեր կարելին ի գործ դնել կանուխէն, ատենին, բազմաթիւ գիծերու վրայ, բարեկամին ու չէզոքին ուղղութեամբ։

Այս բոլորը արձանագրելով, այսինքն՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յառաջիկայ ժողովին Պաքուի մէջ գումարումը ձախողութեան մատնելու համար աշխատանքի հրաւէրով, ունի՞նք արդեօք այն յոյսն ու յաւակնութիւնը, որ 30 Յունիսին բացուելիք ժողովը իսկապէս կրնանք տեղափոխել՝ աշխարհի ներկայ պայմաններուն եւ քաղաքական-տնտեսական հաշիւներու ոլորապտոյտին լոյսին տակ։ Հազիւ թէ. անիրատես չենք, ոչ ալ կþուզենք մեր ոտքերը կտրել իրական աշխարհի գետինէն։ Սակայն չենք մոռնար նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ կաթիլ-կաթիլ հարուածող ջուրը կրնայ ի վերջոյ նահանջի մատնել ամուր ժայռը, տեղ բանալ, ծակել քարը, ամէնէն փոքր քայլերով իսկ սկսուած յառաջխաղացքներ կրնան յաղթանակի եւ շօշափելի իրագործումներու տանիլ արդարութիւն հետապնդողը, ոճրագործն ու անմարդկայինը, հակամշակոյթը դիմակազերծ ընել ուզողը։ Պէտք չէ անտեսենք ու արհամարհենք մեր ամէնէն անզօր նկատուած ճիգն անգամ, որովհետեւ մեր ժամանակակից պատմութիւնն անգամ կը վկայէ, որ անկարելին կարելի դարձնելու փաստեր տուած ենք նախ եւ առաջ մենք մեզի։ Ասկէ անդին, արաբ մը պիտի ըսէր. «Ուաս-սալամու ալէյքոմ, ուա-ռահմաթ ուլ-լահի ու պատաքաթօ» (որ թարգմանի՝ խաղաղութիւնը եւ Աստուծոյ պարգեւներն ու ողորմութիւնները բոլորիդ)։