Category: Հայաստան
ՀՀ Նախագահը Իր Մէկ Ամսուան Աշխատավարձը Կը Փոխանցէ «Քորոնա» Ժահրի Կանխարգիլման Համար Բացուած Հաշուին
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ ամսուան աշխատավարձը կը փոխանցէ «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման աջակցելու նպատակով բացուած յատուկ հաշուին։ Այս մասին հրապարակուած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի Facebook-ի էջին։ «Ի աջակցութիւն […]
Ժամը 19:00-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Աղօթքի Արարողութեան Հեռարձակման Կրնաք Հետեւիլ
Մարտ 18-ը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէն յայտարարուած է համազգային աղօթքի օր: Ժամը 19:00-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն աղօթքի արարողութեան հեռարձակման կրնաք հետեւիլ՝ – Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով, […]
Աշակերտներուն Համար Հանրային Հեռուստաընկերութեան Եթերով Հեռավար Դասեր Պիտի Կազմակերպուին
Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը, նկատի ունենալով երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը, հեռավար կրթութեան ծրագրի ծիրէն ներս, ստեղծած է Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով յատուկ ժամերու աշակերտներուն համար դասերու եւ դասախօսութիւններու իրականացման հնարաւորութիւն: Ucom […]
Հիւանդներու Վիճակը Բաւարար է, Ընդհանուր Մթնոլորտը` Յաղթահարելու եւ Ապաքինուելու Ոգիով Լի
«Նորք» ինֆեկցիոն (վարակաբանական) հիւանդանոցի ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներուն վիճակը բաւարար է: Բժշկական անձնակազմը նաեւ շնորհականութիւն կը յայտնէ քաղաքացիներուն իրենց սատարելու ու օգնութեան առաջարկներու համար: «Հերթական ծանր […]
Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերուն Թիւը Հասաւ 84-ի
Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 6 նոր դէպք: Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 6 նոր դէպք: Ընդհանուր դէպքերուն թիւը 84 […]
Միջինք. Ինքնամաքրման Ճանապարհի Կէսը
Միջինքը կը յիշեցնէ, որ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին: Միջինքին Մեծ պահքը չի ընդհատուիր, պահեցողները կը շարունակեն պահք պահել: Այդ օրը կ՝անդրադառնանք, որ մինչ Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը՝ Սուրբ Զատիկը, […]
«Նորք» Վարակաբանական Հիւանդանոցի Կողքը Շինարարութիւն Կ’ընթանայ. Կ՝աւելնան Նոր Սենեակներ
Երեւանի «Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ լայն թափով կ՝ընթանայ ընդունարանի շինարարութիւնը։ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, Facebook-ի իր էջին վրայ նշած է, որ 3-4 օրուան մէջ հիւանդանոցը պիտի ունենայ 40 նոր […]
Դոկտ. Կարօ Մոմճեան Եւ Րաֆֆի Համբարեան Մասնակցեցան Արցախի Նուիրուած Քննարկումներուն
Շաբաթ, 7 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսեալ, Արցախի դիմագրաւած հարցերուն նուիրուած միօրեայ քննարկումներ տեղի ունեցան Օրենճ Քաունթիի Հայ կեդրոնին մէջ: Շրջանի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» […]
Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերուն Թիւը 72-ի Հասաւ
Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 8 նոր դէպք: Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: «Ունինք եւս 8 հաստատուած դէպք, որոնցմէ ոմանք արդէն […]
16 Երկիրներու Քաղաքացիներու Մուտքը Հայաստան Կ՛արգիլուի․ Նոր Որոշում
Փոխվարչապետ, Արտակարգ դրութեան պարէտատան ղեկավար Տիգրան Աւինեան Ֆէյսպուքի էջին վրայ հրապարակած է ցանկը այն երկիրներու, ուրկէ արգիլուած է այդ քաղաքացիներու մուտքը Հայաստան: «․․․Շարք մը երկիրներու մէջ Քորոնա ժահրի տարածումին պատճառով՝ […]










