Հայրենադարձներու Խորհրդատւութեան Գրասենեակը Կ՛օժանդակէ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի Հայրենադարձներու խորհրդատւութեան գրասենեակը 2 Ապրիլին 24 ընտանիքներու սննդամթերք բաժնած է:

Ծրագիրը իրականացած է շնորհիւ երկու նուիրատուներու, որոնք ստանձնած են անհրաժեշտ սննդամթերքի փաթեթները պատրաստելու ծախսերը:

Մարդկային խճողումէ խուսափելու համար Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը ինք կազմակերպեց սննդամթերքը կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները հասցնելու գործընթացը:

«Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձ ընտանիքներէ ստացանք հեռաձայններ, որոնց ընդմէջէն գիտցանք, թէ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ստեղծուած պայմաններուն մէջ նեղ կացութեան մէջ են: Անոնց մէկ մասը նոր հաստատուած է Հայաստան եւ աշխատանքի խնդիր ունի, մէկ մասն ալ, տեղւոյն օրէնքներուն եւ պետութեան տրամադրած օժանդակութեան ծրագիրներէն օգտուելու միջոցներուն անծանօթ, դիմեցին մեր գրասենեակը: Շնորհիւ մեր զոյգ նուիրատուներուն կարելի եղաւ անմիջականօրէն արձագանգել թէ՛ հայրենադարձ, թէ՛ կարիքաւոր այլ ընտանիքներու», յայտնեց Հայրենադարձներու խորհրդատւութեան գրասենեակի գործավար Արազ Գայմագամեան:

«Այս աշխատանքը մեր գրասենեակի առաքելութեան մաս չի կազմեր, բայց քանի մը նուիրատուներ եւս մեզի յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու կարիքաւոր ընտանիքներուն: Եթէ նուիրատուութիւններ կատարուին, ապա, մեր ուղեկից միութիւններուն հետ գործակցաբար, պիտի փորձենք նեցուկ կանգնիլ կարիքաւոր ընտանիքներուն` տեսախցիկներէ նոյնքան հեռու, որքան այս անգամ», ըսաւ  յանձնախումբի ատենապետ Սիմոն Գաֆալեան: