ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Փոմփէոյին Կոչ Ըրած Է ՀՀ-ին ԱՄՆ Օգնութենէն 25 Միլիոնը Վերաբաշխել COVID-19-ի Դէմ Պայքարին Համար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին կոչ ըրած է Քոնկրէսին կողմէ հաստատուած Հայաստանի օգնութեան փաթեթէն 25 միլիոնը վերաբաշխել նոր «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին համար:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է պետական քարտուղարին՝  անյապաղ ԱՄՆ Քոնկրէսին կողմէ հաստատուած Հայաստանի օգնութեան փաթեթէն 25 միլիոնը վերաբաշխել, իբրեւ ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութեան ընդլայնուած ծրագիրի մաս, COVID-19 համաճարակին դէմ պայքարին համար անհրաժեշտ բժշկական միջոցներով, սարքերով եւ պարագաներով, ինչպէս նաեւ տնտեսապէս վատ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներուն օգնելու համար:

ԱՄՆ պետական բաժանմունք ուղարկուած նամակին մէջ յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համփարեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչակազմի կողմէն նախնական 1,1 միլիոն ԱՄՆ տոլարի շտապ օգնութեան յատկացման համար: Ան նաեւ յայտնած է ամերիկահայ համայնքի գնահատանքը պետական բաժանմունքին եւ գործընկեր գործակալութիւններուն:

Աւելի կանուխ յայտնի դարձած էր, որ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը եւ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կը նախատեսեն Հայաստանին տրամադրել 1.1 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Օգնութիւնը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ առողջապահութեան ոլորտի բարելաւման, մասնաւորապէս տարրալուծական համակարգերու զարգացման, «քորոնա» ժահրի դէպքերու բացայայտման հնարաւորութիւնները մեծցնելուն, փորձագիտական շրջանակներու աջակցութեան ու շարք մը այլ ոլորտներուն: