ՀՕՄ-ը` Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան Կողքին

Հայ Օգնութեան Միութիւնը խորապէս կը ցաւակցի Լիբանանի մէջ այսօրուան 4/8/2020, պատահած աղէտին հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն: Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի ժողովուրդին եւ մեր հայրենակիցներուն, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր […]

Արցախը՝ Լիբանանին. ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւոր

Oգոստոս 4-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումը մարդկային կորուստներ ու աւերածութիւններ պատճառած է Լիբանանի բնակիչներուն, որոնց մէջ նաեւ՝ տեղի հայ համայնքին: Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն […]

Զօրակցութիւն ու Համերաշխութիւն. Հայաստանի Խորհրդարանի Շէնքը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանի Դրօշի Գոյներով

Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը՝ իբրեւ աջակցութիւն բարեկամ Լիբանանի՝ ժամը 21։00-ին, լուսաւորուեցաւ այդ երկրի ազգային դրօշի գոյներով: Լիբանանի դրօշի գոյներով լուսաւորուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը։ Նշենք, որ Երեւանն ու Պէյրութը […]

ՀՀ Նախագահը Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակն Ու Լիբանանահայութեան Խնդիրները Քննարկած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Օգոստոս 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի […]

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Լիբանանահայերուն Օգնելու Համար Դրամահաւաք Սկսած է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի հայերուն աջակցելու համար առցանց դրամահաւաք սկսած է: «Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»,- նշած […]

Կառավարութիւնը Մօտ 278 Միլիոն Դրամ Կը Յատկացնէ Հակառակորդի Հրետակոծութենէն Տուժած Սահմանապահ Գիւղերուն

ՀՀ կառավարութիւնը շուրջ 278 միլիոն դրամ յատկացուց Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներուն մէջ ռմբակոծութենէն տուժած բնակիչներուն կրած վնասները վերացնելու, ինչպէս նաեւ հանրային դպրոցներու անվտանգութեան բարձրացման եւ բարեկարգման աշխատանքներու իրականացման համար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` […]

«Թիկունքը՝ Մշակոյթ». Տաւուշը՝ Մշակութային Իրադարձութիւններու Կեդրոն

Տաւուշի սահմանամերձ համայքներու մէջ մեկնարկած են «Թիկունքը՝ մշակոյթ» խորագիրով շարք մը ձեռնարկներ: Տաւուշի մարզպետարանի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այս առիթով Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան ընդունած է ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, տիկնիկային […]

ՀՀ-ն Լիբանան Պիտի Ուղարկէ Դեղորայք, Բժշկական Սարքեր, Սնունդ եւ Այլ Պարագաներ․ Մանէ Գէորգեան

ՀՀ կառավարութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջոցով՝ մշտական կապի մէջ է Լիբանանի կառավարութեան եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու հետ՝ մեր երկրէն եղբայրական Լիբանանին օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: […]

Երեւանի Մէջ Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ լիբանանահայ հայրենադարձներու նախաձեռնութեամբ՝ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումի զոհերուն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ մասնակիցները պարզած էին Հայաստանի եւ Լիբանանի ազգային դրօշները […]

ՀՀ կառավարութիւնը Ըստ Անհրաժեշտութեան Որոշումներ Պիտի Կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին Օգնելու Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ  Միշել Աունի հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ։ «Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: […]