Մարդասիրական Օգնութեան Երրորդ Օդանաւը Հայաստանէն Լիբանան Մեկնեցաւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութենէն Լիբանանի կառավարութեան ուղղուած մարդասիրական օգնութեան պարագաներով երրորդ օդանաւը մեկնեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը Armenpress.am-էն կը տեղեկանայ, թէ Լիբանան ուղարկուող աւելի քան 12 թոն մարդասիրական օգնութիւնը կ՝ընդգրկէ սնունդ, հագուելիք, համակարգչային սարքեր եւ դեղորայք:

Լիբանան ուղարկուող օգնութեան պարագաները ընտրուած են, ըստ ընդունող կողմին ներկայացուցած կարիքներուն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանէն առաջին թռիչքը կայացած էր Օգոստոս 8-ին, երկրորդը՝ Օգոստոս 9-ին` Արցախի ժողովուրդին անունով: