Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պէյրութի Պայթումէն Վնասուած Հայկական Եկեղեցիները

Աշխարհ, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները` Ս. Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց, ինչպէս նաեւ Ազգային միացեալ վարժարան:

Վեհափառ հայրապետը մօտէն տեղեկացաւ պայթումին հետեւանքով արձանագրուած վնասներուն: Վեհափառը իր հայրական քաջալերանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ծառայողներուն եւ գաղութի զաւակներուն` ըսելով. «Մի՛ յուսահատիք, մենք միասնաբար, հաւաքական հաւատքով ու նուիրումով պիտի վերականգնենք Լիբանանի հայութիւնը` վերահաստատելով անոր համասփիւռքեան դերակատարութիւնը»: Ան այս առիթով նաեւ յիշեցուց, թէ Հայաստանը, Արցախը, սփիւռքը եւ ամբողջ հայութիւնը Լիբանանի հայութեան գործնապէս զօրակից են:

Այցելութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը Ազգային առաջնորդարանին մէջ թեմական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին դարձեալ յիշեցուց, թէ կարելի փութով պէտք է վնասներուն արժեւորումը կատարուի, որպէսզի կարենանք կազմակերպուած կերպով լծուիլ աշխատանքի: