Գրադարաններն ու Թանգարանները Պիտի Վերաբացուին, Թատրոնները եւ Համերգասրահները Բացօթեայ Պիտի Գործեն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան կարգին մէջ պարէտատունը կը պատրաստուի փոփոխութիւններ կատարել կարգ մը վայրերու մէջ պարտադիր դիմակ կրելու պահանջքին մէջ։ ԱԺ յատուկ նիստի ընթացքին ըսաւ ՀՀ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեան:

«Պիտի հանուի անձնական մեքենաներու մէջ դիմակ կրելու պարտադիր պահանջքը, սակայն պիտի պահպանուի հանրակառքի եւ թաքսիներու մէջ դիմակ կրելու կանոնը: Պիտի վերանայուի բացօթեայ որոշ հանրային տարածքներու մէջ` բնութեան մէջ, անտառը դիմակ կրելու կանոնը»,- ըսաւ Աւինեան:

Ըստ փոխվարչապետին` գրադարանները եւ թանգարանները պիտի վերաբացուին, թատրոնները եւ համերգասրահները պիտի գործեն բացօթեայ:

Նշենք, որ Կառավարութիւնը այսօր որոշեց եւս մէկ ամսով երկարացնել Արտակարգ դրութիւնը՝ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու նպատակով:

Այս անգամ, սակայն, արտակարգ դրութեան ժամանակ որոշ թոյլադրութիւններ պիտի ըլլան։

Մասնաւորապէս`

Պիտի վերացուի հաւաքներու եւ գործադուլներու արգելքը: Այնուամենայնիւ, բոլոր հաւաքները պէտք է կազմակերպուին հակահամաճարակային կանոններուն համապատասխան: Դիմակներ կրելը եւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահելը պարտադիր է:

Պիտի թոյլատրուի ընտանեկան հաւաքներու իրականացումը (ոչ աւել, քան 40 հոգի) թէ՛, բաց, եւ թէ՛ փակ տարածքներու մէջ:

ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող քաղաքացիներուն մուտքը Հայաստան պիտի թոյլատրուի, սակայն անոնք ստիպուած 14 օրեայ ինքնամեկուսացման պիտի երթարկուին: Այն մարդիկ, որոնք «Քորոնա»-ի քննութիւն յանձնեն եւ ստանան բացասական պատասխան, կրնան չինքնամեկուսանալ: