Category: Հայաստան
Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք Իրաքլիոյի Մէջ
«Ազատ Օր» Չորեքշաբթի երեկոյեան, Աթէնքի ժողովրդային ցոյցին զուգահեռ, Կրետէ կղզիին մէջ ապրող հայութիւնը միասնաբար հաւաքուելով Իրաքլիոյի կեդրոնական հրապարակին վրայ, իր զօրակցութեան ձայնը լսելի դարձուց Արցախի մէջ քաջաբար դիմադրող հայ զինուորին։ […]
UNICEF-Հայաստանը Ցաւ Կը Յայտնէ ՀՀ Գեղարքունիքի Մարզին մէջ 14-ամեայ Երեխայի Ծանր Վիրաւորուելուն Վերաբերեալ
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) Հայաստանի գրասենեակը ցաւ կը յայտնէ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական ԱԹՍ-ի հարուածէն 14-ամեայ երեխայի ծանր վիրաւորուելուն վերաբերեալ եւ կը վերահաստատէ բնակչութեան ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները պաշտպանելու իր […]
Յունաստանէն Ցարդ 200.000 Եւրօ՝ Արցախի Համար
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի ճակատին վրայ մարտնչող հայ զինուորի օգտին կատարուող համահայկական հանգանակութեան ծիրէն ներս, Յունաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու կողմէ ցարդ եղած նուիրատուութիւններէն՝ 200.000 […]
Աթէնքի Հայութիւնը Խուռներամ Շարքերով Պահանջեց Արցախի Միջազգային Ճանաչումը. Բողոքի Քայլարշաւ եւ Ցոյց Դէպի Թրքական Դեսպանատուն (լուսանկարներ)
«Ազատ Օր» Աւելի քան 2000 հոգի, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կոչին, Չորեքշաբթի՝ 14 Հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան, հաւաքուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական «Սինտաղմա» հրապարակին առջեւ, մասնակցելու համար բողոքի քայլարշաւին եւ ցոյցին դէպի […]
Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող 750,000 Դիմումներ՝ Քոնկրեսին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 14 Հոկտեմբերին տեղեկացուց, թէ ցարդ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան 750,000 դիմումներ կատարուած են Քոնկրեսին՝ պահանջելով անկէ, որ ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ […]
ԱՄՆ-ն Թուրքիոյ Կոչ Կ՝ընէ Դադրեցնելու Ազրպէյճանը Զինելը
Թուրքիան կը զինէ Ազրպէյճանը՝ հաշուի չառնելով միջազգային խաղացողներուն կոչերը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Հոկտեմբեր 14-ին, հեռախօսային ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայքլ Պոմպէոն՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ […]
Արցախի Նախագահը Կոչ Կ՛ընէ Հանրապետութենէն Դուրս Գտնուող Արցախահայերուն Միանալու Հայրենիքի Համար Պայքարին
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յատուկ կոչով դիմած է «Արցախէն դուրս գտնուող զինապարտ եւ զէնք բռնելու ունակ հայրենակիցներուն` գալ եւ միանալ սահմանին կանգնած զինուորներուն»: «Մեր Հայրենիքը այսօր առաւել, քան երբեք բոլորիս […]
Ֆրանսայի Խորհրդարան Ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին Օրինագիծ
Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատ ներկայացուած Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ՝ այս մասին յայտնած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններ ֆոնտի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Փափազեան` աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ վերջին […]
Մէկ Ճանապարհ Ունինք` Պարտադրել Զինադադար․ Արցախի Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր ըսած է, որ «Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հերոսաբար դիմադրել եւ ուժգին հակահարուածներ հասցնել թշնամիին` պատճառելով մարդկային եւ զինամթերքի ահռելի կորուստներ»: «Մենք կը տեսնենք Ռուսիոյ […]
Հայաստանի Տարածքէն Որեւէ Հրթիռ, Արկ Կամ Գնդակ Չէ Արձակուած Ազրպէյճանի Ուղղութեամբ. ՀՀ ՊՆ-ի Զգուշացումը
Ազրպէյճանական զինուժը Հոկտեմբեր 14-ին թիրախաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Քարվաճառի հետ սահմանակից գօտիին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարք: Այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Ազրպէյճանական զինուժը […]










