ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆ-ի Կառոյցը Աւելի Քան Երկու Թոն Բժշկական Պիտոյք Ուղարկեց Երեւան

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած ցուցակը հազիւ ստացած, ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Կոմիտէն ստեղծեց նուիրատուութեան առցանց հարթակ: Ձեռք բերուած բժշկական անհրաժեշտ պիտոյքներն ու կազմածները աւելի քան երկու թոն (շուրջ 250 տուփ) կը կշռեն եւ առաքուած են Հայաստան։

ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆ-ի անդամ Անի Չաղլասեանի խօսքերով` բժշկական այս օգնութիւնը կը ծառայէ իր նպատակին․ “Այսօր մենք պէտք չէ ջանք ու եռանդ խնայենք Արցախին եւ Հայաստանին օժանդակելու համար: Մեր բանակը մեր սահմանները կը պաշտպանէ։ Շարունակ թիկունք պէտք է կանգնինք”։
Այս նախաձեռնութիւնը կարելի եղաւ իրականացնել կամագործակցաբար Նիւ Ճըրզիի ՀՅԴ “Դրօ” կոմիտէի, Ռիճֆիլտի Սուրբ Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Ամերիկեան Առողջապահական Մասնագէտներու Կազմակերպութեան (AAHPO) եւ Հայ Բժշկական Միջազգային Կոմիտէի (AMIC) հետ: