Category: Հայաստան
Շուշիի Գորգերու Թանգարանի Հաւաքածուն Պիտի Ցուցադրուի Երեւանի Մէջ
Շուշիի գորգերու թանգարանի հաւաքածուն, Փետրուար 20-ին, պիտի սկսի ցուցադրուիլ Երեւանի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ։ Ցուցանմուշները Շուշիէն հանուած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 1-ին։ Արժէ նշել, որ ամենահին գորգը […]
Արցախի Մէջ Այս Պահուն Կը Բնակի 105-110 Հազար Արցախցի. Արտակ Բեգլարեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին հաշուարկներով` Արցախի մէջ այս պահուն կը բնակի 105-110 հազար արցախցի, շուրջ 35-40 հազարն ալ դեռ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին այսօրուան քննարկման ընթացքին ըսաւ Արցախի […]
Նիքէայի Պոնտական Միութիւնը Կը Կանգնի Արցախի Կողքին
Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի կողմէ իրագործուած նախաձեռնութիւնը՝ Արցախի տառապող ժողովուրդին անմիջական մարդասիրական օգնութիւն ընձեռելու համար, անսպասելիօրէն շատ մեծ արձագանգ ունեցաւ եղբայրակից յոյն ժողովուրդին մօտ։ Բացի անհատներէ, յունական հասարակական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու […]
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լեհերէնով Երկու Նոր Գիրք
Դոկտ. Արա Սայեղ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին միջազգային աղբիւրները ընդհանրապէս եւ լեհական գրականութիւնը մասնաւորապէս հարստացան նոր երկու լեհերէն հատորներով։ 2020 թուականի երկրորդ կիսուն լոյս տեսաւ «Բնաջնջել Հայերը – Ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագրով […]
Նախիջեւանիկ… Ապրելու Եւ Արարելու Հաւատով
Ասկերան քաղաքի մօտաքայքն է Նախիջեւանիկ գիւղը: Դէպի գիւղ տանող ճանապարհէն տեսանելի են վերջերս հաստատուած նոր բնագծերը: Նախիջեւանիկցիները արդէն հեռուէն կը հետեւին իրենց մշակած այգիներուն: Նոր հաստատուած սահմանագիծերէն ետք, լայնատարած արօտավայրեր […]
Գերիներու Փոխանակումը Արագացնելու Գծով Լիթուանիոյ Խորհրդարանէն Կոչ՝ Ազրպէյճանին
Լիթուանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ միջխորհրդական խումբի անդամները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով արագացնելու աճիւններու, պատերազմական գերիներու եւ պատանդներու փոխանակումը ու անոնց վերադարձը Հայաստան: Այս մասին կը փոխանցէ «Ազատութիւն»-ը։ «Յղում […]
Հայ Գերիներու Հարցով Նամակներ՝ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին Կողմէ
Ազրպէյճանի մէջ գերի պահուող հայորդիներու վերադարձի հարցը ամէնէն կարեւոր եւ արագ լուծում պահանջող խնդիրներէն մէկն է, որուն լուծման համար ջանքեր կը գործադրուին համադրաբար։ Այս իմաստով, Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբը […]
Արցախի Մէջ Հրադադարի Հաստատումէն Ի Վեր Ականի Վրայ 14 Ազրպէյճանցի Պայթած է
Արցախի մէջ հրադադարի մասին 2020 Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրէն մինչեւ այսօր Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ ականներու վրայ պայթած է 14 ազրպէյճանցի: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով […]
Անգնահատելի Էր Յունաստանի Դրամահաւաքի Գործընթացին Ընդգրկուած Բոլոր Կառոյցներուն Դերը. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի «Մենք Ենք Մեր Սահմանները» դրամահաւաքը նախաձեռնուեցաւ միասնական որոշումով՝ 27 Սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմի առաջին իսկ ժամերէն։ Դրամահաւաքին մասնակցելու կոչով հանդէս եկան ՀՀ նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեանը, հոգաբարձուներու […]
Էրտողանի Խօսնակը Պայտընի Խորհրդականի Հետ Քննարկած է Արցախի Հարցը
Թուրքիոյ նախագահականի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալաւանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով sondakika.com-ը։ Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-ԱՄՆ […]









