Արցախի Կազամատակարարումը Խոչընդոտելը Ազրպէյճանի Կողմէ Ահաբեկչական Արարք է 100,000-է Աւելի Մարդու Հանդէպ․ Թաթոյեան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան Facebook-ի վրայ անդրադարձած է Արցախի մէջ կազամատակարարման խափանման խնդիրին․ Արցախի մէջ կազի վթարի առնչութեամբ այս պահուն կայ առնուազն 4 հաստատուած փաստ՝ 1) Արցախի […]

Հայ Կինը Ե՛ւ Հերոս Զաւակներ Կու տայ Մեր Հայրենիքին, Ե՛ւ Հարկ Եղած Ժամանակ Ինք Կը Նետուի Մարտի. Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի շնորհաւորական խօսքը կանանց միջազգային օրուան առիթով. «Սիրելի՛ Արցախի հերոսածին մայրեր եւ քոյրեր Գարնանային զարթօնքի այս օրերուն կրկին հասած ենք այն հանգրուանին, որ ամբողջ աշխարհի […]

Հայ Դատը Արցախի Համար 50 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Զօրակցելու Կոչ Կ՛ընէ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Արցախին 50 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրելու կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբին, անսալով այդ առնչութեամբ Հայ Դատին եւ անոր […]

Ազրպէյճանը Կ՝ուզէ Արդարացնել Խաղաղ Բնակչութեան Ուղղուած Յանցաւոր Ոտնձգութիւնները․ Արցախի ՄԻՊ

Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է վերջին օրերուն Ազրպէյճանի ռազմատեղեկատուական աղբիւրներուն տարածած կեղծ լուրերուն՝ հայ-ազրպէյճանական շփման տարբեր հատուածներու վրայ հայկական կողմէն հրադադարը խախտելու մասին․ «Այդ կերպով Ազրպէյճանը կ՝ուզէ արդարացնել խաղաղ […]

Թշնամիի Կրակոցէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած է

Մարտ 7-ին՝ ժամը 12։40-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները նշանառու կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած է ՀՀ ԶՈՒ երկու […]

Արցախը 14 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկած է Ուքրանիա

Արցախը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Քիեւի եւ Զափորոժիէի բնակիչներուն: Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յայտնած են, որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ուքրանիոյ Կիեւի եւ Զափորոժիէի շրջաններու բնակիչներուն ուղարկուած է 14 […]

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ Գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը

Մարտ 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ […]

Հայ Մարմնամարզիկները Աշխարհի Բաժակի Ախոյեաններ Են

Տոհայի մէջ ընթացող աշխարհի բաժակի խաղարկութեան հերթական փուլի օղակներու վարժութեան՝ Վահագն Դաւթեան հաւաքելով 14.700 միաւոր գրաւեց առաջին տեղը, իսկ Արթուր Աւետիսեանը՝ 14.500 միաւորով երկրորդն է: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ […]

Ուաշինկթըն Անտեսեց Ազրպէյճանը Չզինելու Սահմանափակումները

Փետրուար 3-ին Հայ Դատի յանձնախումբը փոխանցեց Քոնկրէսին, որ պարտադրէ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւին թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը: 1992-ին վաւերացուած յաւելուածը 2002-էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ […]

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 30 Տարեկան Է

30 տարի առաջ՝ 3 Մարտին, նորանկախ Հայաստանի օրուան նախագահին հրամանագիրով ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Այս առիթով հիմնադրամը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այդ նշանակալի օրէն ի վեր, հիմնադրամը գործեց ի նպաստ Հայաստանի […]