Աւերուած է Վանի Հայկական Գերեզմանատունը

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընդդիմութեան մաս կազմող, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» Վանի եւ Տիարպեքիրի պատգամաւորներ Մուրաթ Սարըսաչը եւ Հիշեար Օզսոյը Վանի հայկական գերեզմանատան աւերման հարցը բարձրաձայնած են երկրի խորհրդարանէն ներս։ Վանի նահանգի […]

Թուրքիոյ Մէջ Ամասիայի Թանգարանը Կը Թաքցնէ Ցուցանմուշներուն Հայկական Ծագումը (լուսանկարներ)

Թուրքիոյ Ամասիայի թանգարանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նմուշները կը ցուցադրուին, բայց անոնց ծագումը լռութեան կը մատնուի։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի՝ «Twitter»-ի թրքական տիրոյթին մէջ ահազանգած է օգտատէրերէն մէկը՝ նշելով, որ […]

Այժմեան Թուրքիոյ Հայկական Վաքըֆ Գիւղին Մէջ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Նշուած է

Հայ առաքելական եկեղեցին Օգոստոս 15-ին տօնեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ հանրութեան մէջ աւելի յայտնի է «Խաղաղօրհնէք» անունով։ Տօնը նշուած է նաեւ այժմեան Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղին՝ Վաքըֆի մէջ։ Այս […]

Թուրքերը Պեղումներ Կ՝իրականացնեն Անիի Ստորգետնեայ Պատմութիւնը Վեր Հանելու Համար

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաք Անիի աւերակներուն մէջ պեղումներ կը կատարուին։ Միաժամանակ 4 տարբեր կէտերու մէջ իրականացուող պեղումնային աշխատանքներուն կը մասնակցին Թուրքիոյ 12 տարբեր համալսարաններէ արուեստի պատմութեան […]

Մալաթիոյ Վերանորոգուած Հայկական Եկեղեցիին Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն (Երեք խորան) հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգումը աւարտած է։ Կառոյցը այսուհետեւ պիտի ծառայէ իբրեւ եկեղեցի եւ մշակութային կեդրոն։ Առաջին պատարագը կը նախատեսուի Օգոստոս 29-ին։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը […]

Արարատ Լերան Մշտական Ձիւնածածկ Հատուածները Սկսած են Հալիլ (տեսանիւթ)

Վերջին օրերուն մեծ արագութեամբ կը հալին Արարատ լերան սառոյցներն ու ձիւնը, որ լրջօրէն մտահոգած է բնապահպանները։ Տեղի ունեցածը կրնայ լուրջ վնաս հասցնել Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան եւ յատկապէս լեռնագնացութեան։   Վկայակոչելով թրքական […]

Կեսարիոյ Սբ. Թորոս Հայկական Եկեղեցին Գանձագողերու Թիրախին Դարձած է (լուսանկարներ)

Կեսարիոյ 200-ամեայ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին կը շարունակուի աւերուիլ գանձագողերու կողմէ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Կեսարիոյ Մելիքկազի շրջանի Թաւլուսուն թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ պատերը դիտաւորեալ կերպով ներկերով աղտոտուած […]

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութեան Նախագահը Այցելած է Հայկական Վաքըֆ Գիւղ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) համանախագահ Փերւին Պուլտանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախօրէին այցելած է Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ՝ Վաքըֆ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Պուլտանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած […]

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Ախոռի Վերածուած է (լուսանկարներ)

Վանի Սուրբ Թովմաս հայկական վանական համալիրը կիսաւեր, լքուած եւ անմխիթար վիճակն մէջ է։ Գանձախոյզներու եւ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով՝ մեծապէս վնասուած համալիրը այսօր կարիք ունի վերականգնման ու խնամքի։ Այս մասին […]

«Հայկական Քոնեակի Շնորհիւ Ապահովուած է Եալթայի Խորհրդաժողովին Դրական Արդիւնքը». Թրքական Կայք

Թրքական «Timeturk» լրատուական կայքը հրապարակած է ուշագրաւ յօդուած մը հայկական մշակոյթի եւ մասնաւորապէս գինեգործութեան վերաբերեալ։ Նախ պատմական ակնարկով տեղեկութիւններ կը յայտնէ աւելի քան 5 հազար տարի առաջ հայ ժողովուրդի ձեւաւորման […]