106 Տարուան Դադարէն Ետք Առաջին Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Վերանորոգումէն ետք վերաբացուած պատմական հայկական Մալաթիա քաղաքի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 106 տարուան դադարէն ետք, մատուցուած է առաջին պատարագը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով demokrathaber.org-ը։

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանի ղեկավարութեամբ մատուցուած պատարագին մասնակցած են հոգեւորականներ եւ տարբեր նահանգներէ ժամանած բազմաթիւ հիւրեր։

Շուրջ երեք ժամ տեւած պատարագին մասնակցած է նաեւ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը։ Այսուհետեւ, տեղի քրիստոնեաները կրնան եկեղեցւոյ մէջ պատարագներ մատուցել, կատարել իրենց մկրտութեան արարողութիւններն ու պսակները։

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումով՝ վերակառուցումէն ետք՝ պատմական կառոյցը պիտի ծառայէ ոչ միայն իբրեւ եկեղեցի, այլեւ՝ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն։