Գանատայ Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ Հայ Դատի Գանատայի Յանձնախումբը Հրապարակած է Իր Քաղաքական Առաջնահերթութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը (ANCC) Օգոստոս 27-ին՝ սոյն թուականի Սեպտեմբեր 20-ին նշանակուած դաշնային ընտրութիւններուն ընդառաջ, հրապարակած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւններու տարեկան փաստաթուղթը: Այս առիթով Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի համանախագահ Հրակ Տարաքճեան ընդգծած է․ «Ասիկա վճռորոշ ընտրութիւն է բոլոր գանատացիներուն համար, ներառեալ՝ գանատահայ համայնքին, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին անցած է ծայրայեղ բուռն իրադարձութիւններու մէջէ, հետեւաբար, մենք կ՝ուզենք ապահովել, որպէսզի մեր ձայնը լսելի ըլլայ, եւ պատշաճ գործողութիւններ ձեռնարկուին մեր համայնքին վերաբերող հարցերուն շուրջ»։

Քաղաքական առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը ռազմավարական դիրքորոշում ունի՝ լուծել Արցախի Հանրապետութեան մէջ առկայ խնդիրները՝ շեշտը յատուկ դնելով անցեալ տարուան ընթացքին ազրպէյճանաթրքական յարձակման սարսափելի հետեւանքներուն վերացման վրայ:

Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւնները կ՝ընդգրկեն լայն շրջանակ՝ սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումէն մինչեւ Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան բացում, Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող ռազմագերիներու անվտանգ վերադարձէն մինչեւ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը:

Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան, իր հերթին, կ՝արձանագրէ․ «Ինչպէս տասնամեակներ շարունակ պարտաւորուած էինք ապահովել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այնպես ալ այսօր հաւատարիմ ենք հետամուտ ըլլալու Արցախի ճանաչման եւ Գանատայի ու Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատման»։

Քաղաքական առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը պիտի ծառայէ իբրեւ Գանատայի 44 -րդ համապետական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուները իրազեկելու միջոց եւ գալիք քաղաքականութեան ծրագրման ուղեցոյց։

Փաստաթուղթին անգլերէն տարբերակին հնարաւոր է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ