Կեսարիոյ Սբ. Թորոս Հայկական Եկեղեցին Գանձագողերու Թիրախին Դարձած է (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Կեսարիոյ 200-ամեայ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին կը շարունակուի աւերուիլ գանձագողերու կողմէ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։


Կեսարիոյ Մելիքկազի շրջանի Թաւլուսուն թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ պատերը դիտաւորեալ կերպով ներկերով աղտոտուած եւ վնասուած են, իսկ պատմական կառոյցի ներքին պատերէն մէկուն մէջ, գանձ որոնողներուն կողմէ փորուած է 2մ խորութեամբ փոս:

Թաւլուսունի թաղապետ Մեհմէտ Եըլմազը թրքական լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հայկական եկեղեցւոյ ներսը եւ շրջակայքը տեղի բնակիչները չոր խոտ թափած են:

Եըլմազի խօսքով՝ տեղի զբօսաշրջութեան զարգացման զարկ տալու նպատակով, անհրաժեշտ է վերականգնել եկեղեցին:

Թաղապետը նաեւ յայտնած է, որ թէեւ քաղաքապետարանի անվտանգութեան աշխատակիցները յաճախակիօրէն կը հսկեն եկեղեցին, սակայն անոնք չեն յաջողիր վերահսկել գանձագողերու գործունէութիւնը, քանի որ վերջիններս ամէն կերպ միջոցներ կը գտնեն կառոյցին վնաս հասցնելու համար:

Ան յոյս յայտնած է, որ եթէ սկսին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները, հնարաւոր պիտի ըլլայ խոչընդոտել գանձագողերու գործունէութիւնը:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան իրաւասուները տեղեկացուցած են, որ չեն կրնար եկեղեցին վերանորոգել, քանի որ անիկա մասնաւոր սեփականութեան կարգավիճակ ունի։