Այժմեան Թուրքիոյ Հայկական Վաքըֆ Գիւղին Մէջ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Նշուած է

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Հայ առաքելական եկեղեցին Օգոստոս 15-ին տօնեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ հանրութեան մէջ աւելի յայտնի է «Խաղաղօրհնէք» անունով։ Տօնը նշուած է նաեւ այժմեան Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղին՝ Վաքըֆի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով sondakika.com-ը։

Բազմաթիւ հաւատացեալներ տօնին մասնակցելու նպատակով հաւաքուած էին Հաթայի Սամանդաղ շրջանի Վաքըֆ գիւղի եկեղեցին։ Պատարագէն ետք՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ հսկայ կաթսաներու մէջ հարիսա եփուած է հիւրերուն համար։

Արարողութեան ներկայ եղած են Սամանդաղի շրջանի ղեկավար Ռեֆիք Էրեըլմազը, ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) պատգամաւոր Թուլայ Հաթիմօղլուլլարըն եւ շարք մը այլ քաղաքական գործիչներ ու պաշտօնեաներ։