Category: Աշխարհ
Նոյն Օրը Նախագահը, Վարչապետն ու ԱԳՆ-ն Իրավիճակին Վերաբերեալ Տարբեր Բաներ Կ՝ըսեն. Նման Պետութիւնը Չի Կրնար Որեւէ Յաջողութիւն Ունենալ
Նոյն օրուան ընթացքին նախագահը, վարչապետը եւ ԱԳՆ-ն իրավիճակին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ տարբեր բաներ կ՝ըսեն՝ տալով իրարամերժ գնահատականներ։ Նման պետութիւնը չի կրնար որեւէ յաջողութիւն ունենալ։ Անիկա միայն կրնայ աղէտին սպասել։ Նախագահ. […]
Հիասթափեցնող է, Որ ԵՄ-ն Արցախի Ժողովուրդին Կը Դիմէ «Նախկին ԼՂԻՄ-ի Մէջ Բնակող Հայեր» Եզրոյթով․ ՄԻՊ
Խիստ հիասթափեցնող է, որ Եւրոպական Միութիւնը՝ ի դէմս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) ժողովուրդին կը դիմէ «նախկին ԼՂԻՄ-ի մէջ բնակող հայեր» եզրոյթով՝ անտեսելով ինքնորոշման հիմնարար եւ անօտարելի […]
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին Հետ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւէն (Զուիցերիա) հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու Պարտէզ»ին […]
Նախագահն ու ԱԺ-ն Կը Կրեն Արցախի Ժողովուրդին Առաջնային Իրաւագիրը. Ստեփանակերտէն Կ՝արձագանգեն ալիեւին
Ընդամէնը օրեր առաջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ազրպէյճանի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն կոչ ըրած էր վերջ տալու Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան ու ցեղասպանական քաղաքականութեան, իրապէս ընդունիլ միջազգային իրաւունքով ամրագրուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան սկզբունքը […]
Ֆրանսահայ Կազմակերպութեանց Համակարգող Խորհուրդը (CCAF) Դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Հանդէպ ազրպէյճանի Ինքնիշխանութեան Սկզբունքին
CCAF-ը կտրականապէս դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան սկզբունքին։ Մենք վճռականօրէն կը սատարենք Արցախի հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի դիրքորոշման, որ վերահաստատած է Արցախի ժողովուրդին […]
ԼՂՀ Անկախութեան Օգտին Քուէարկած է Ընտրողներուն 99,89 Տոկոսը. Արցախի Մէջ Ռուսական Համայնքի Յայտարարութիւնը
Արցախի մէջ ռուսական համայնքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակուած է 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ ազրպէյճանական ԽՍՀ ժողովրդական պատգամաւորներու Շահումեանի շրջանային խորհուրդներուն […]
Կ՝ակնկալենք, որ Միջազգային Հանրութիւնը Գործուն Քայլեր Կը Ձեռնարկէ Ազրպէյճանի Ահաբեկչական Գործողութիւնները Կանխելու Համար․ Յայտարարութիւն
Ի պատասխան ազրպէյճանի տեղեկատուական դաշտով Արցախի ապառազմականացման մասին հրապարակումներուն եւ սպառնալիքներուն՝ Արցախի Ազատամարտիկներու միութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․ «Վերջին օրերուն ազրպէյճանական իշխանամերձ տեղեկատուական դաշտով կրկին կը տարածուին կոչեր ու […]
«Բաւական է, Որքան Կը Լռենք, Լռելը Նոր Զոհեր Կը Բերէ»․ Եզտի Իրաւապաշտպանը Արցախի Ապաշրջափակման Պահանջով Նստացոյց Սկսած է
«Ես Արցախի հարցի պահանջատէրն եմ», «Արցախցին երբեք եաթաղանահպատակ չէ եղած ու չ՝ըլլար» կարգախօսներով «Յանուն ժողովուրդի բարեկեցութեան մարդասիրական եւ տնտեսական զարգացման» ՀԿ նախագահ, եզտի իրաւապաշտպան Այսեր Իսայեանը այսօր անժամկէտ նստացոյց յայտարարած […]
Շտապօգնութեան Մեքենայի ու Բուժանձնակազմի Թիրախաւորումը Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքի Չափանիշներու Խախտում է. ՄԻՊ
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանի յայտարարութիւնը՝ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ շտապօգնութեան մեքենային թիրախաւորման վերաբերեալ․ Այսօր, Մայիս 17-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր ստացած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը Գեղարքունիքի մարզի […]
ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած են Սոթքի Դիրքերուն Ուղղութեամբ
Մայիս 17-ին, ժամը 16:15-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած են Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած զինծառայող Էդգար Վահանի Սուլէյմանեանը (2003թ.) մահացած է հիւանդանոց տեղեփոխուելու ճանապարհին: Այս […]









