Միջազգային Դատարանը Վերահաստատած է Բերձորի Միջանցքէն Ազատ Տեղաշարժը Ապահովելու Վերաբերեալ Իր Որոշումը

Աշխարհ, Հայաստան

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Յուլիս 6-ին Բերձորի միջանցքին վրայ անցակէտ տեղադրելուն առնչութեամբ որոշում կայացուցած է՝ Հայաստանի դիմումին վերաբերեալ։ Այս մասին կը յայտնէ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը։

«Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեոերու վերացման մասին համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ քննուող Հայաստանը ընդդէմ ազրպէյճանի գործով իր՝ 2023 թուականի Փետրուար 22-ի միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին որոշման լրացման մասին Հայաստանի խնդրանքին վերաբերեալ, որ կապուած էր ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին վրայ անցակէտ տեղադրելու փաստին։

Դատարանը վերահաստատած է իր 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը, որմով պարտաւորեցուցած էր ազրպէյճանը՝ ձեռնարկելու բոլոր միջոցները երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքէն քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը, գտած է, որ այս պահուն չկայ իր 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը լրացնելու անհրաժեշտութիւնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։