Ալիւր եւ Հաց՝ ՄԱԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակին Դիմաց. «Բացում»-ը ՄԱԿ-էն Կը Պահանջէ Կատարել Պարտականութիւնները

«Բացում» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամները հերթական բողոքի ցոյցը իրականացուցած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին դիմաց։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։ Անոնք ՄԱԿ-ին յիշեցուցած են պարտաւորութիւններու մասին, որոնք այդպէս ալ չի կատարեր։ Նախաձեռնութեան […]

ազրպէյճանը Սկսած է Բռնագրաւուած Շուշիի Եկեղեցիներուն Աղուանական Ուղղափառացման Գործընթաց

Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ մնալ ազրպէյճանական շրջափակման մէջ։ Արդէն 8 ամիս է՝ Արցախը կտրուած է արտաքին աշխարհէն, փակ է անոր կեանքի միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը, որուն իբրեւ արդիւնք 120 հազար […]

ազրպէյճանը Խափանած է Արցախի Կայուն Կապը Համացանցի Հետ

Բերձորի միջանցքին վրայ տեղակայուած ապօրինի անցակէտին մօտակայքը ազրպէյճանական կողմը կտրած է համացանցի յատուկ մալուխը՝ խափանելով Արցախի կայուն կապը համացանցի հետ: Այս մասին գրած է Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան։ […]

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Պրազիլի եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց 16 Օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով […]

Ֆրանսական Քաղաքներն ու Մարզերը Կը Փափաքին Օգնութիւն Հասցնել Պաշարուած Արցախին

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի Փարիզ քաղաքը, Իլ-տէ-Ֆրանս, Օվերն-Ռոն-Ալբ, Օ-տը-Ֆրանս, Օքսիդանիա, Լուարի երկիր եւ Փրովանս-Ալբեր-Գոդ դ՛Ազուր մարզերը, միասնական ըլլալով Արցախի ժողովուրդին աջակցութիւն տրամադրելու հարցով, համախմբուած են՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր […]

ՄԱԿ-ի ԱԽ-ն Արձանագրեց, Որ Սովամահ Կ՝ըլլանք, Շնորհակալ Ենք, Բայց Ատկէ Ի՞նչ Կը Փոխուի․ Դաւիթ Բաբայեան

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է յստակ բանաձեւ ընդունի, որովհետեւ ուղղակի յայտարարութիւնները ոչինչ կը փոխեն։ Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, ըսած է Արցախի նախագահի խորհրդական, նախկին ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբաեան։ «Հակառակ պարագային […]

Վաքըֆի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Վերափոխման Տօնը Այս Տարի Մեծ Շուքով Չէ Նշուած

Այժմեան թուրքիոյ Հաթայի նահանգին մէջ գտնուող հայկական միակ գիւղի՝  Վաքըֆի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորական Աւետիս Թաբաշեան խօսած է Օգոստոս 13-ին Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ իրականացուած տօնակատարութեան […]

Բերձորի Միջանցքին Բացումը Անյետաձգելի Հրամայական Պէտք Է Դառնայ Միջազգային Համայնքին Համար. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանին: Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան […]

Անհրաժեշտ է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Ստանձնէ Արցախահայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը․ ԱՀ ՄԻՊ

Արցախի ներկայ պայմաններուն մէջ աշնանային եւ ձմեռնային շրջանին մարդոց գոյութիւնը բացարձակապէս անհնար պիտի ըլլայ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Ան […]

Յունահայութիւնը Միացած է Համայն Հայութեան՝ Բողոքելու ազրպէյճանի Ցեղասպանական Գործողութիւններուն Դէմ (տեսանիւթ)

Յունահայութիւնը եւս միացած է համայն հայութեան՝ բողոքելու ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն եւ ցեղասպանական գործողութիւններուն դէմ։ Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով ըսած է Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Քերոբ Էքիզեան։ «Այդ […]