ազրպէյճանը Խափանած է Արցախի Կայուն Կապը Համացանցի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Բերձորի միջանցքին վրայ տեղակայուած ապօրինի անցակէտին մօտակայքը ազրպէյճանական կողմը կտրած է համացանցի յատուկ մալուխը՝ խափանելով Արցախի կայուն կապը համացանցի հետ: Այս մասին գրած է Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան։

«Երէկ՝ Օգոստոս 17-ին, ժամը 17:55-ին, Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին վրայ տեղակայուած ապօրինի անցակէտին մօտակայքը ազրպէյճանական կողմը կտրած է համացանցի օպտիկամանրաթելային մալուխը՝ խափանելով Արցախի կայուն կապը համացանցի հետ:

Երէկ երեկոյեան Արցախի մասնագէտները փորձած են ռուս խաղաղապահներու հետ միասին մօտենալ տուեալ հատուածին եւ վերանորոգել մալուխը, սակայն ազրպէյճանական կողմը չէ արտօնած: Այսօր առաւօտէն կը շարունակուին բանակցութիւնները խաղաղապահներու եւ ազրպէյճանական կողմին միջեւ, որպէսզի մեր մասնագէտները կարենան վերականգնել վնասուած մալուխը:

Պատահական չեմ համարեր, որ այս նոր յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք եւ Արցախի ցեղասպանութեան թեմայով նախատեսուած մամուլի ասուլիսի մեկնարկէն բառացիօրէն 5 վայրկեան առաջ: Այս սադրանքին հետեւանքով ասուլիսի արցախաբնակ բանախօսները՝ ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը եւ տեղահանուած քաղաքացի Ալվինա Ներսէսեանը կրցած են անկայուն ու այլընտրանքային կապով միանալ միւս երկու բանախօսներուն՝ ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանին եւ ՄՔԴ առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին 45 վայրկեան ուշացումով: Ի հեճուկս ազրպէյճանական ջանքերուն՝ ասուլիսը կայացած է, որուն մասնակցած է շուրջ 130 անձ 27 երկրէ:

Ի դէպ, այժմ Արցախի մէջ հասանելի է խիստ սահմանափակ ծաւալի համացանց՝ անկայուն ռատիոկապի միջոցով, որ նոյնպէս շարունակաբար կը գտնուի ազրպէյճանական խլացուցիչ համակարգերու ճնշման ներքոյ»,- գրած է Արտակ Բեգլարեան: