Category: Աշխարհ
Ուաշինկթըն Շատոնց կը Փափաքէր Մարտ 1-ի Ողբերգութեան Ամբողջական Քննութեան Կատարումը Տեսնել
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, 14 Օգոստոսին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն ուշադրութեամբ կը հետեւի Մարտ 1-ի գործով հայաստանեան դատական համակարգին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Politik.am-ը։ […]
ՀՀ Վարչապետը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Իտալիոյ Վարչապետին
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իտալիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ճուզեփէ Գոնդէին՝ Ճենովայի մէջ Օգոստոս 14-ին կամուրջի փլուզման հետեւանքով մարդկային զոհերուն կապակցութեամբ: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան […]
Ճենովայի Մէջ Ինքնաշարժներու Երթեւեկի Կամուրջ Մը Փուլ Եկած է
Իտալիոյ հիւսիսարեւմտեան Ճենովա քաղաքին մէջ ինքնաշարժներու երթեւեկի կամուրջ մը փուլ եկաւ, այդ պատճառով ալ այդ պահուն անոր վրայ գտնուող ինքնաշարժները 90 մեթր բարձրութենէն վար ինկան: Առնուազն 22 զոհ արձանագրուեցաւ: Իտալիոյ […]
Վաքըֆի Մէջ Հայերը Նշած են Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը
Պաշտօնապէս Թուրքիոյ «միակ հայկական գիւղի՝» Վաքըֆի հայերը նշած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն մէկը եղող Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը: Կրօնական արարողութեան ժամանակ շարականներ եւ աղօթքներ հնչած են, իսկ […]
Քոնկրեսի 48 Անդամներ Թրամփին Յորդորած Են Հանդիպիլ Փաշինեանի Հետ
Ամերիկայի հայկական համագումարը կը հաղորդէ, որ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարութիւնը նախաձեռնած է նամակ մը, որ ստորագրուած է Քոնկրեսի 48 անդամներու կողմէ, անիկա ուղարկուած է նախագահ Թրամփին: Նամակը կը յորդորէ […]
Հայաստանը՝ «Մետրոպոլիտեն» Արուեստի Թանգարանին Մէջ
Նիւ Եորքի «Մետրոպոլիտեն» արուեստի թանգարանը 2018 Սեպտեմբեր 21-էն մինչեւ 2019 Յունուար 13 պիտի հիւրընկալէ «Հայաստան» խորագիրը կրող բացառիկ ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուի հայ ժողովուրդի պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը՝ սկսեալ Դ. դարէն՝ […]
«Չարշըլը Արթին Աղա»-ն Ներկայացուեցաւ Քնալըի Մէջ
«Չարշըլը Արթին Աղա»-ի հայերէնով ներկայացումը, որ գարնան եղանակին բեմ բարձրացած էր «Արփի» թատերախումբին կողմէ եւ մեծ ընդունելութիւն գտած՝ մշակութասէրներու շրջանակէն ներս, Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոսի երեկոյեան բեմադրուեցաւ Քնալըի մէջ։ Ըստ «Մարմարա»-ի՝ […]
Թուրքիոյ Մէջ Հանգիստի Տուներէն Մէկու Մը Պատին Հայկական Խաչքար Յայտնաբերուած է
Կարս նահանգի Տիկորի շրջանին մէջ, հանրակառքերու եւ ուղեւորներու համար նախատեսուած ճանապարհային հանգիստի տուներէն մէկուն մէջ հայկական խաչքար գտնուած է: Տիկորի շրջանի Հալըքըշլաք գիւղին մէջ գտնուող հանգստեան տան պատին վրայ զարդաքանդակներ […]
Ամսթերտամի Մէջ Յարձակում` Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Դէմ
Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ անծանօթ անձ մը յարձակում գործած է Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան շէնքին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը: Անծանօթ տղամարդը գիշերուան ժամերուն Մոլոթովի քոքթէյլ մը նետած […]
Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին Հնարաւոր է Ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշտական Ցանկին Մէջ
Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին հնարաւոր է ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ: Թրքական «Անատոլու» կայքը յօդուած հրապարակած է Աղթամարի մասին` նշելով, որ տարեկան հազարաւոր տեղացի եւ […]










