«Թուրքիան՝ Արեւմուտքի Համար Գլխացաւանք». «BBC»-ի Յօդուածը

Աշխարհ

Թուրքիան կարեւոր է Արեւմուտքի համար, սակայն Ուաշինկթընի եւ Եւրոմիութեան որոշ երկիրներու մէջ այժմ կը փորձեն հասկնալ, թէ`որքանո՞վ: Այս մասին ըստ News.am-ի՝ կը նշուի BBC-ի թղթակից Ջոնաթան Մաքկուսի յօդուածին մէջ:

Ամերիկացի որոշ փորձագէտներ նոյնիսկ վստահ չեն, որ Թուրքիան կրնայ համարուիլ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական դաշնակիցը: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի նշանակալից անդամ է, եւ այդ երկրի ռազմակայանները կարեւոր են Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու օդային գործողութիւններուն համար: Անիկա ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թեւի շուրջ հսկայական տարածք կը ներառէ, քանի որ Սեւ ծովու տարածքի ռազմավարական նշանակութիւնը կ՛աճի Ռուսիոյ աշխուժութեան զուգահեռ:

Թուրքիան նաեւ Եւրոմիութեան ամենակարեւոր արեւելեան հարեւաններէն է, հակառակ Եւրոմիութեան անդամակցելու՝ Անգարայի փորձերը առայժմ անյաջող են՝ մասամբ նաեւ Էրտողանի մենատիրական վարչակարգի պատճառով, կը գրէ Մարքուս: Անգարայի դերը նաեւ կը նշանաւորուի ներգաղթեալներու հոսքը դէպի Եւրոպա կանգնեցնելու հարցով:

Թուրքիան այժմ լուրջ տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամ կ՛ապրի՝ կապուած Միացեալ Նահանգներու հետ լարուած յարաբերութիւններու եւ թրքական լիրայի արժեզրկման հետ: Սակայն արդեօք կրնա՞յ Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը հարցականի տակ դրուիլ: Հեղինակին կարծիքով՝ իրականութեան մէջ ՆԱԹՕ-ն անդամութենէ զրկելու կանոնակարգ չունի, եւ Թուրքիան ինք կրնայ որոշել լքել դաշինքի շարքերը:

Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միւս դաշնակիցներուն միջեւ յարաբերութիւնները ժամանակ առ ժամանակ լարուած են՝ կապուած իրարու ցուցաբերած աջակցութեան մակարդակի հետ այս կամ այն հակամարտութեան մէջ: Այժմ, ի հակադրութիւն ԱՄՆ-ի հետ անհաշտութեան, Թուրքիա կը փորձէ աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատել Մոսկուայի հետ, թէեւ, հեղինակին խօսքով՝ դժուար է պատկերացնել, որ Մոսկուան Թուրքիան կրնայ ապահովել նոյն անվտանգութեան երաշխիքներով, տեխնիկական աջակցութեամբ եւ բարձր վարկանիշով, ինչ որ ՆԱԹՕ-ն:

Ինչ կը վերաբերի ԵՄ-ին, ապա այստեղ եւս ամէն ինչ բարդ է. մէկ կողմէ ԵՄ բազմաթիւ պետութիւններ կը քննադատեն Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու խախտման դէպքերը, սակայն միւս կողմէ ԵՄ-ն տնտեսապէս սերտ կապուած է Թուրքիոյ:

Եւրոպական բազմաթիւ դրամատուներ լուրջ ներգրաւուածութիւն ունին երկրի տնտեսութեան մէջ, ուստի լիրայի արժեզրկումը անոնց կողքով չ՛անցնիր, կը գրէ հեղինակը: Վերջերս երկու յոյն զինւորներու եւ «Amnesty International» կազմակերպութեան տեղի ղեկավարի ազատ արձակումով Թուրքիան ցոյց տուաւ, որ չի ցանկար ԵՄ-ի հետ լարուած յարաբերութիւններ ունենալ, ինչ որ այժմ ունի ԱՄՆ-ի հետ: Բացի այդ՝ Թուրքիոյ ձեռքը կը շարունակէ մնալ ներգաղթեալներու խաղաքարտը՝ յատկապէս հիմա, երբ Թուրքիոյ սահմանակից Իտլիպի շրջանին մէջ լարուած վիճակ է, որ կրնայ ներգաղթեալներու նոր հոսքի պատճառ դառնալ:

2016-էն ի վեր Թուրքիան մեծ դեր խաղցած է ներգաղթեալներու հոսքը զսպելու հարցով, որու դիմաց ԵՄ-ն տրամադրած է ֆինանսական մեծ աջակցութիւն: Ուստի, հեղինակին կարծիքով՝ մօտ ապագային ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կրնան լաւանալ ԱՄՆ-ի հետ լարուածութեան զուգահեռ: Սակայն հետագայի համար Թուրքիոյ այժմեան ուղղուածութիւնը հեռու է Արեւմուտքէն:

Բազմաբեւեռ աշխարհի պարագային, երբ Ուաշինկթըն այլեւս տարածաշրջանային մեծ համբաւ չի վայելեր, եւրոպացիները կրնան ժամանակաւոր առաւելութիւն ձեռք բերել: Սակայն Էրտողան Թուրքիան կը տանի արեւմտեան արժէքներուն եւ ազատական ժողովրդավարութեան հակասող ճանապարհով, ինչ որ ի վերջոյ պիտի պայմանաւորի ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները: