Ծանրորդ Նազիկ Աւտալեան Պիտի Մասնակցի Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

Հայաստան

Ծանրորդ Նազիկ Աւտալեան յայտնած է, որ ինք, որպէս Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ պիտի մասնացի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն»։ Ան իր ֆէյսպուքեան էջի միջոցով անդրադարձած է մամուլի մէջ շրջանառուող այն տեղեկատւութեան, թէ ինք որպէս աւագանիի թեկնածու պիտի առաջադրուի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան կողմէ։

«Ես եղած եմ եւ կը մնամ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ: Գագիկ Ծառուկեանը ինծի համար ոչ միայն կուսակցութեան ղեկավար, կամ հայրենական մարմնամարզի պատասխանատու է, այլեւ հարազատ մարդ եւ ընտանիքի անդամ: Այնպէս որ լրատուամիջոցներու յարգելի ներկայացուցիչներէն կը խնդրեմ արհեստական խնդիրներ ու ենթատեքստեր չփնտռել այնտեղ, ուր ատոնք չկան: Ես եղած եմ եւ կը մնամ ԲՀԿ անդամ եւ որպէս աւագանիի թեկնածու պիտի առաջադրուիմ ԲՀԿ-ի կողմէ՞-, գրած է ան: