Category: Աշխարհ
Փտածութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցեր` Լիբանանի Մէջ
Աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու սենտիքաներու ազգային համադաշնակցութիւնն ու Համայնավար կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գործադրեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները լիբանանեան դրօշակներ բարձրացուցած Կեդրոնական դրամատան առջեւէն ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ: […]
Հալէպի Մէջ Աւելի Քան Հարիւր Շէնք Պիտի Կառուցեն
Հալէպի Ճամայաթ Ալ Ռիյատի նոր շրջանին մէջ, աւելի քան հարիւր բնակելի շէնք պիտի կառուցեն յառաջիկայ չորս տարիներուն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներուն պատմած է նախագիծի ճարտարագէտ Այմատ Ալի: «Այժմ մենք կը […]
ՀՀ Նախագահը Մասնակցած է Վրաստանի Նոր Նախագահի Երդմնակալութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստանի Թելաւի քաղաքի՝ Իրակլի Երկրորդի պալատին մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին ներկայ եղած է Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի […]
Ռուսիա Կ՛ակնկալէ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցութիւններու Վերսկսումը Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Ձեւաւորումէն Ետք
Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, այս մասին Պաքուի […]
Աննա Յակոբեան Ժընեւի Մէջ Ներկայ Եղած է Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգին
Դեկտեմբեր 14-ին, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան՝ Ժընեւի Սեն Ժերմէն եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած […]
Ռուսիան 226 Թոն Թրքական Մանտարինն ու Նարինջը Սահմանէն Ետ Ուղարկած է
Ռուսիոյ Դաշնութեան գիւղատնտեսական վերահսկողական ծառայութիւնը` «Ռոսսելխոզնատզոր»-ը, սահմանէն ետ ուղարկած է Թուրքիայէն ներկրուած 226 թոն նարինջը եւ մանտարինը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Պատճառը այն է, որ Թուրքիայէն Ռուսիա հասած խմբաքանակին […]
Պոլսոյ Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Սերգէյ Փարաջանովին Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած է
Աշխարհահռչակ հայ բեմադրիչ եւ արուեստագէտ Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները, տարատեսակ իրերէ պատրաստուած կերպարուեստի նմուշները առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրութեան ներկայացուած են Պոլսոյ Բերայի թանգարանին մէջ։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ «Փարաջանով, Սարգիսի հետ» խորագիրով ցուցահանդէսը […]
Հայ Դատի Յանձնախումբը կը Հակադարձէ Գանատայի Մէջ Ատրպէյճանական Նորագոյն Հակահայ Արշաւին. Հաղորդագրութիւն
Վերջերս, Գանատայի տարածքին Ատրպէյճանական շարք մը հոսանքներ, սադրիչ արարքներով, անգամ մը եւս փորձեցին հրահրել հայ համայնքը, սակայն անոնց փորձը, ինչպէս միշտ՝ մնաց ապարդիւն: Այս անգամ, իրենք զիրենք որպէս կազմակերպուած համայնք ներկայացուցած, բազմատեսակ յերիւրանքներ եւ ապատեղեկատուութիւն […]
Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Լաւագոյն Աւարտաճառի Մրցանակը՝ Դոկտ. Փոլաթելի
Ֆրեզնոյի Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ 2015-2017 տարիներուն հայագիտական նիւթերու նուիրուած աւարտաճառերուն լաւագոյնը ընտրած է դոկտ. Մեհմետ Փոլաթելի հեղինակած՝ «Armenians and the Land Question in the Ottoman Empire, […]
«Արսենալ»-«Ղարաբաղ» Խաղին Հայ Երիտասարդը Մոնթէի Նկարով Շապիկով ու Արցախի Դրօշով Ներխուժեց Խաղադաշտ
Եւրոպա լիկայի E խումբի վերջին խաղին, Լոնտոնի «Արսենալ»-ը մրցեցաւ Ատրպէյճանը ներկայացնող ակումբի՝ «Ղարաբաղ»-ի հետ ու յաղթեց նուազագոյն` 1:0 հաշուով։ Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ հանդիպման վերջաւորութեան, հայ երիտասարդը, որ ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի նկարով […]










