Թուրքիոյ Խորհրդարանը Նոր Նախագահ Ընտրած է

Թուրքիոյ խորհրդարարանը ընտրած է օրէնսդիր մարմնի նոր նախագահ: Խորհրդարանի նախորդ նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը, Փետրուար 19-ին, հրաժարական տուած էր: Վկայակոչելով Diken-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ այժմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 27-րդ գումարման խորհրդարանի նոր նախագահի […]

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցիներէն Եւս Մէկուն Պատերուն Ցեղապաշտական Գրութիւններ Յայտնուած են

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը, Facebook-ի իր պաշտօնական էջին, ահազանգած է Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ պատերուն ու դրան վրայ եղած գրութիւններուն մասին, որոնք կը կրեն ատելութեան խօսք […]

Միջազգային Գնորդները կը Ծանօթանան Հայաստանեան Նորաձեւութեան ու Կերպասեղէնի Արտադրանքին

«Բիզնես Արմէնիա»-ի աջակցութեամբ՝ Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի 14 արտադրողներ, Փետրուար 25-28-ին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կը մասնակցին «CPM–Collection Premiere Moscow 2019» նորաձեւութեան եւ կերպասեղէնի արտադրանքի միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, […]

Հայոց Եռագոյնը՝ «Էմիրէյթս» Մարզադաշտին Մէջ «Արսենալ» – «Սաութհեմփթըն» Խաղին Ընթացքին (տեսանիւթ)

Փրեմիեր լիկայի 27-րդ խաղի «Արսենալ» – «Սաութհեմփթըն» մրցոյթին՝ «Էմիրէյթս» մարզադաշտի գովազդային վահանակներուն վրայ յայտնուած է հայոց եռագոյնը։ Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։ Խաղային ոլորտի համաշխարհային առաջատարներէն մէկը՝ BetConstruct ընկերութիւնը, վերջերս համագործակցութեան պայմանագիր կնքած […]

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութիւնը Պիտի Նշէ Իր Հիմնադրման 25-ամեակը

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը 7 Ապրիլին կազմակերպած է իր հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ մը: Տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան: Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը պիտի […]

Լին Թրէյսին Որպէս Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան Երդում Տուաւ

Լին Թրէյսին որպէս Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան երդում տուած է` Թուիթըրի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային ներուժի եւ դիւանագիտական ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Քարոլ Զ. Փերեզը։ […]

Միացեալ Նահանգներ Որոշած է Սուրիոյ Մէջ «Խաղաղապահ Զօրք» Ձգել

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները որոշած են Սուրիոյ մէջ «փոքր խաղաղապահ զօրք» թողուլ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը` Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սառա Սանտըրսին յղումով: Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն ետք այնտեղ մօտ 200 զինուորականէ […]

Թուրքիա Ռազմափորձեր Կը Կատարէ Հայաստանի Սահմանին Վրայ

Թուրքիա միջազգային տարողութեամբ ռազմափորձեր կը կատարէ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ` Կարսի շրջանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: «Ձմեռ-2019» անունով ռազմափորձերուն կը մասնակցին 15 երկիրներ: Նաեւ կը հաղորդուի, որ […]

Արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ Մէջ Անհետանալու Վտանգը Դիմագրաւող Լեզու Է. ԵՈՒՆԵՍՔՕ

ՄԱԿ-ի Կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»ին դասակարգումով՝ արեւմտահայերէնը համարուած է Թուրքիոյ տարածքին անհետացման վտանգին տակ գտնուող լեզուներէն մէկը: Ատլասին խմբագիրը՝ Քրիս Մոլզի, պատասխանելով «Պի.Պի. Սի.»-ի […]

Ռազմական Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ Կը Ստեղծուի 200 Նոր Աշխատատեղ

Հայաստանի կառավարութիւնը մաքսային արտօնութիւն տրամադրեց «Արսենալ ԼՏԴ» ընկերութեան՝ գերակայ կարեւորութիւն ներկայացնող ոլորտին մէջ ներածուող սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներածման համար, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը: Տնտեսական զարգացման […]