Ալիեւ եւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Քննարկած են Արցախեան Հարցը

Աշխարհ

Ատրպէյճանի մէջ գտնուող Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) անդամ Մուսթաֆա Շէնթոփ հանդիպում ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է արցախեան հարցը, ինչպէս նաեւ թուրք-ատրպէյճանական համագործակցութեան առանցքային հարցեր, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։

Թուրք պաշտօնեան  յիշեցուցած է, որ Թուրքիան Ղարաբաղի հարցի շուրջ միշտ սատարած է Ատրպէյճանին: Ան պաշտօնեան կարեւոր համարած է ուժանիւթի եւ գազային այն խոշոր նախագիծերը, որոնք կ՛իրականացուին երկու երկիրներու միջեւ:

Մինչ Ալիեւի հետ հանդիպիլը, Թուրքիոյ խորհրդարանի նաախագահը հանդիպած էր Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի հետ: Հանդիպումին Շէնթոփ կարեւոր նկատած է ատրպէյճանական իշխանութիւններուն պայքարը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներու դէմ: