Փայլան Թուրքիոյ 1919-1922-ի Պատերազմական Ատեանի Արխիւներուն Մասին Հարցումներ Կ՛ուղղէ Էրտողանի Օգնականին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասնեակէն 26 Ապրիլին հաղորդած են, որ ան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային յղած է հետեւեալ նամակը՝ պատասխանի պահանջով. «Նախագահ Էրտողան […]

Հայաստան Կոչ Կ՝ընէ Միջազգային Հանրութեան՝ Խստօրէն Դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Թուրքիոյ Նախագահին Հասցուցած Վիրաւորանքը

Հայաստան կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ խստօրէն դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ զայն վերապրածներու յիշատակին եւ արժանապատւութեան Թուրքիոյ նախագահի հասցուցած վիրաւորանքը եւ առաւել վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ ժողովուրդները ցեղասպանութենէ պաշտպանելու պետութիւններու պատասխանատւութեան […]

Հայաստանի ՄԻՊ-ին Անկախութեան ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքի Ամենաբարձր «A» Միջազգային Կարգավիճակ Պիտի Շնորհուի

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 2018 թուականի ու անոր նախորդող քանի մը տարիներու գործունէութիւնը ենթարկուած է միջազգային վերանայման՝ ՄԱԿ-ի փարիզեան սկզբունքներով սահմանուած մարդու իրաւունքներու ազգային ուսումնարաններուն առաջադրուող անկախութեան պահանջներուն համապատասխանութեան տեսանկիւնէ: Ըստ պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութեան՝ այդ վերանայման իբրեւ արդիւնք՝ առաջարկուած է հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան շնորհել ամենաբարձր «A» միջազգային հեղինակաւոր կարգավիճակը։ Մակի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի քարտուղարութեամբ գործող մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու համաշխարհային միաւորման անկախ յանձնախումբին կողմէ այս բարձր կարգավիճակի հաստատումը կը վկայէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի լիարժէք անկախութեան, վստահելիութեան ու արդիւնաւէտ աշխատանքի մասին։ «A» կարգավիճակը մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութեան իրաւունք կը վերապահէ մասնակցելու միջազգային կառոյցներու, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի աշխատանքներուն եւ որոշումներու կայացման, հանդէս գալու յատուկ ելոյթներով, օգտուելու միջազգային համապատասխան կառոյցներու ղեկավար մարմիններու մէջ ընտրուելու եւ այդ մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան իրաւունքէն։ […]

Փորթուկալի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Պետօ Տէմիրճեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ 2019ի Ապրիլ 26ին Փորթուկալի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Չինական Ընկերութիւնը Հայաստանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ 3-4 Միլիոն Տոլար Ներդրումով Ջուրերու Գործարան Պիտի Կառուցէ

Չինական «Նիւ Իդա» ընկերութիւնը Լոռիի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ 60 աշխատատեղ ունեցող ջուրերու գործարան պիտի կառուցէ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» միջազգային երկրորդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Չինաստան […]

Փայլան` Էրտողանին. «104 Տարի Անցաւ, Բայց Մտածելակերպը Նոյնն է»

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան, ուր ան նշած էր, թէ հայերու աքսորը 1915-ին ամենաողջամիտ քայլը կրնար […]

«Գողգոթան… Որ Իբրեւ Գարուն Ծաղկեցաւ» Խորագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մաարապի Մէջ

Երէկ` Հինգշաբթի, 25 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի, Լիբանանեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին` Մաարապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ` «Գողգոթան… […]

Յունաստանի ΕΡΤ Պետական Հեռատեսիլը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 Ապ­րի­լի կէ­սօ­րին, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ ­տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, յու­նա­կան ΕΡΤ պե­տա­կան հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նը, իր կէ­սօ­րո­ւան «Ωρα Ελλάδος» յայ­տագ­րէն հիւ­րըն­կա­լեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նը։ Յայ­տագ­րի ընդար­ձակ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, […]

Յու­նաս­տա­նի Մարզ­պե­տա­կան, Քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու Զի­նո­ւո­րա­կան Բարձ­րա­գոյն Ղե­կա­վա­րու­թեանց Ներ­կա­յու­թեամբ Յատ­կան­շո­ւե­ցաւ՝ Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ Տա­րե­լի­ցի Ո­գե­կո­չու­մը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Մէջ

Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ ­տա­րե­լի­ցի քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 21 Ապ­րիլ 2019ին, «­Վե­լի­տի­ս» սրա­հէն ներս, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պե­տա­րա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, սրա­հը ծայ­րէ ծայր լե­ցու­ցած […]

Ատրպէյճանը Բողոքի Գիր Յղած է Ուրուկուէյին

Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքի գիր յղած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան յղումը: Բողոքի գիրը կապուած է այն բանի հետ, […]