Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը 5 Միլիոն Տոլար Կ՛առաջակէ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին Համար

Աշխարհ, Սփիւռք

4 Մայիսին, Հայ-ամերիկեան թանգարանի ղեկավարութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի օրէնսդրական հարցերու քարտուղար Էնթընի Ուիլեըմզի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ, Նիւսըմ 2019-2020 տարեշրջանի նահագնային ամավարկին մէջ աոաջարկած է 5 միլիոն տոլար եւս յատկացնել թանրագանին։

Յիշեցնենք, որ նշեալ հանդիպումը կազմակերպուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ եւ անոր մասնակցեցան թանգարանի հոգաբարձութենէն, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական խմբակէն եւ շինարարական յանձնախումբէն անդամներ։

Փորթանթինօ դրուատեց Նիւսըմի այս որոշումը, խորին շնորհակլալութիւն յայտնելով նահանգապետին, որ այս առաջարկով կրցած է ցոյց տալ, թէ լաւապէս հասնկցած է թանգարանի ծրագիրին յոյժ կարեւորութիւնը։

«Թանգարանի ծրագիրին իրականացման նպատակին նահանգապետին առաջադրած առատաձեռն աջակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ ծրագիրը որքան կարեւոր է Քալիֆորնիոյ համար», յայտնեց Փորթանթնիօ։

0511AAM2

Կեւըն Նիւսըմ

Իր կարգին, թանգարանի գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին իրականցման ջանքերուն մէջ նահանգին ներդրումը աւելցնելու Նիւսըմի որոշումը, զայն «հոյակապ լուր» մը համարելով՝ միաժամանակ հայ համայնքին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգին համար։ Սահակեան նաեւ շնորկալութիւն յայտնեց այս նպատակով ծերակուտական Փորթանթինոյի տարած կարեւոր աշխատանքին համար։

Նշենք, որ 4 Մայիսին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ուիլեըմզին ներկայացուեցաւ մշակութային եւ կրթական կեդրոն դառնալու համար նախաձեռնուող եւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանի ծրագիրին մանրամասնութիւնները ու կարելի եղաւ նաեւ անոր հետ այցելել  թանգարանին վայրը։

Նահանգապետին առաջարկը պէտք է վաւերացուի նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ։

Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: