Համաձայնած ենք Տարածքային Ամբողջականութեան, Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Եւ Ուժի Բացառման Սկզբունքին. Քենթ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք Թրամփի վարչակազմը ունի յստակ մօտեցում Հարաւային Կովկասի ապահովական հարցերու վերաբերեալ՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթ յայտնեց. «Մեր յոյսը եւ ակնկալիքը այն է, որ բոլոր երկրները խաղաղ եւ ապահով կերպով կը համագոյակցին իրենց դրացիներուն հետ: Ճիշդ այդ նպատակով ալ, մենք ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող ենք, եւ մենք կ՛աշխատինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումը»։ Այս մասին կը հաղորդէ “Թերթ”-ը։

«Իբրեւ Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններ, որոնց կազմին մէջ են նաեւ Հարաւային Կովկասի պետութիւնները, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ, համաձայնած ենք այն սկզբունքին շուրջ, որ պէտք է բացառուի ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը, նաեւ համաձայնած ենք տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներուն՝ իրենց ապագան ինքնորոշելու սկզբունքին շուրջ», աւելցուց ան: