Category: Աշխարհ
12 Հազարամեայ Պորտասարի Հնագիտական Յուշարձանը Երկրաշարժերէն Բացարձակապէս Չէ Տուժած
Աշխարհի հնագոյն հնագիտական յուշարձան համարուող 12 հազարամեայ Պորտասարը (թրք․ անուանումը՝ Գէոբէքլիթէփէ), որ ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ, չէ վնասուած վերջերս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերէն։ Այդ մասին […]
Վաքըֆ Գիւղը Երէկուան Երկրաշարժէն Մեծ Վնասներ Կրած է
Երէկ տեղի ունեցած երկրաշարժերէն մեծապէս տուժած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող «հայկական միակ գիւղը» համարուող Վաքըֆը։ Երկրաշարժերուն հետեւանքով քանդուած են որոշ կառոյցներու պատեր։ Գիւղին մէջ յառաջացած է վրաններու կարիք։ Այս […]
Նոր Երկրաշարժին Հետեւանքով Հալէպի Մէջ Վեց Մարդ Տուժած է. ԶԼՄ
6,4 եւ 5,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժ տեղի ունեցած է այսօր երեկոյեան Սուրիոյ սահմանակից Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ։ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին տեղի ունեցած նոր երկրաշարժին հետեւանքով՝ Հալէպի մէջ տուժած […]
Լիայոյս Ենք, Որ Փետրուարեան Զարթօնքը Նոր Լիցք Կը Դառնայ Համազգային Իղձերու Իրականացման Ճանապարհին․ԱՀ Ազգային Ժողով
35 տարի առաջ՝ 1988 թուականի Փետրուար 20-ին, ԼՂԻՄ բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմինը, ժողովրդական պատգամաւորներու 20-րդ գումարման մարզային խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանին արտայայտելով ինքնավար երկրամասի ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան կամքն ու ցանկութիւնը, պատմական որոշում […]
Եւրոպական Խորհրդարանէն Նոր Պատուիրակութիւն Մը Հայաստան Կը Ժամանէ
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն հետեւանքով՝ 21_24 Փետրուարին՝ փաստահաւաքի առաքելութեամբ Հայաստան պիտի այցելեն Եւրոպական Խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւորներ, Եւրոպական Խորհուրդի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Սիլվի Կիյոմ եւ Ֆրանսուա […]
Խարբերդի Հայկական Ճարտարապետական Շինութիւնները Երկրաշարժէն Չեն Տուժած
Վերջին 3 տարին 3 խոշոր երկրաշարժ տեսած Էլազըղի (Խարբերդ) 5000 տարուան պատմութիւն ունեցող Խարբերդի թաղամասը կանգուն մնացած է անգամ վերջին աւերիչ երկրաշարժէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Մասնաւորապէս Էղրի […]
Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք՝ Պոսթընի Մէջ
Հինգշաբթի, Փետրուար 16-ին, Մասաչուսէցի մայրաքաղաք՝ Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, նահանգային պալատի մուտքին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը, զօրակցելով Արցախի շրջափակուած քաջարի ժողովուրդին, որ 2020-ին դիմադրելէ ետք ռազմական յարձակումը՝ […]
ՌԴ Խաղաղապահներու Ուղեկցութեամբ Արցախ Հասած է Մարդասիրական Բեռ
Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներուն կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան՝ ՌԴ խաղաղապահներուն կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ կ՝իրականացուի […]
ազրպէյճանական Զօրամասերուն Մէջ Տեղադրուած Տարածաշրջանային Քարտէզները Կ՝ուրուագծեն ազրպէյճանական Տարածքային Յաւակնութիւնները․ Աբրահամեան
ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան կը գրէ. «ազրպէյճանական զօրամասերուն մէջ դրուած են տարածաշրջանային քարտէզներ, ուր գունային տարանջատումներով ուրուագծուած են ազրպէյճանական տարածքային յաւակնութիւնները: Ասոնք ազրպէյճանի` «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի վերաբերեալ […]
Անիի Կամուրջին Նորոգութիւնը Հայ-թրքական Այսօրուան Երկխօսութեան Հետ Կապ Չունի․ Անիկա Շատոնց Ծրագրուած էր․ Գեղամ Մանուկեան
Կ՝ուզեմ հրապարակել քանի մը փաստ՝ բացայայտելու համար հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին մէջ հասարակութիւնը կեղծ տեղեկութիւններով կերակրելու իշխանութեան գործողութիւնները։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, այսօր Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարեց ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ […]










