Category: Այլեւայլ
Դեկտեմբեր 7-ին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Պիտի Կատարուի
Դեկտեմբեր 7-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն 1988 թուականի երկրաշարժի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար: […]
Կերպընկալը Աղբ Չէ. Հայաստանցի Խումբ մը Երիտասարդներ Կերպընկալէ Շիշերէն LED Լամբեր Պիտի Արտադրեն
Ուսանողուհի Էլեն Ալթունեանը եւ անոր ընկերները վստահ են, որ կերպընկալէ (plastic) շիշերուն տեղը աղբավայրը չէ. շրջակայ միջավայրը աղտոտող անպէտք շիշերէն անոնք մտադիր են արտադրելու LED լամբեր, Bluetooth ականջակալներ եւ այլ հետաքրքրական սարքեր: […]
Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի՝ Գիւմրիի Մէջ Հիւրընկալուելու, Գիշերելու ու Թատրոն Յաճախելու Դասը Միւս Պաշտօնեաներուն (լուսանկարներ)
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգիսեան, Դեկտեմբեր 4-ի երեկոյեան, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ, արցախեան պատերազմի մասին պատմող, մեծ աղմուկ հանած «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը դիտելէ ետք, գիշերած է Գիւմրիի մէջ։ […]
Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Նոր Տօնածառ Կը Տեղադրուի
Նախորդ հանգստեան օրերուն սկսած են մայրաքաղաքի գլխաւոր տօնածառի տեղադրման աշխատանքները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը, 2005-էն ի վեր առաջին անգամ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նոր տօնածառ պիտի զետեղուի: «35+2 մեթր բարձրութամբ (գագաթին […]
Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Դեկտեմբեր 1-ին Դուրս Պիտի Բերուի
Դեկտեմբեր 1-ին դուրս պիտի բերուի աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը այս տարի պիտի […]
«Ալեբբօ Քուիզին» Նորաբաց Կեդրոնը Աշխատատեղեր կը Ստեղծէ Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայերու Համար
«Ալեբբօ Քուիզին» հասարակական ձեռնարկատիրական կեդրոնը Երեւանի մէջ պիտի գործէ իբրեւ սնունդի արտադրամաս եւ պիտի մատուցէ ծառայութիւններ՝ սնունդի սպասարկման ոլորտէն ներս: Կեդրոնին նպատակն է սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն համար […]
Այվազովսքիի Ստեղծագործութիւնը 776,000 Տոլարի Ծախուեցաւ
Ականաւոր հայ նկարիչ Այվազովսքիի ստեղծագործութիւններէն մէկը Լոնտոնի մէջ, Նոյեմբեր 26-ի երեկոյեան տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին վաճառուեցաւ 609,000 բրիտանական փաունտի (մօտաւորապէս 776,000 տոլար)։ Աճուրդը կազմակերպուած էր նշանաւոր «Քրիսթի՛զ» հաստատութեան կողմէ։ […]
Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին «30 Տարի Անց» Խորագիրով Փառատօն Պիտի Իրականացուի
Երեւանի պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 1-ին պիտի մեկնարկէ «30 տարի անց» միջազգային փառատօնը` նուիրուած 1988 թուականին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ փառատօնին ծիրէն ներս, աշխարհի […]
ՀՀ ԶՈւ-ն Իրականացուցած է «Տոչկա» Հրթիռային Համակարգի Փորձնական Արձակում
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը իրականացուցած են «Տոչկա» հրթիռային համակարգի փորձնական արձակում: Հրթիռը ճշգրիտ խոցած է պայմանական թիրախը՝ 65 քիլօմեթր հեռաւորութենէն: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի […]
Երեւան-Սեւան Նոր Արագընթաց Գնացք Պիտի Ներդրուի. Յակոբ Արշակեան
«Հայաւտոկայեան» ՓԲԸ-ն դրուած է մասնաւորեցման ծրագիրի մէջ, որ ՀՀ զբօսաշրջութեան, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան կը համարէ անընդունելի ռազմավարական սխալ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ժամանակ՝ ՀՀ […]










