Կերպընկալը Աղբ Չէ. Հայաստանցի Խումբ մը Երիտասարդներ Կերպընկալէ Շիշերէն LED Լամբեր Պիտի Արտադրեն

Այլեւայլ, Հայաստան

Ուսանողուհի Էլեն Ալթունեանը եւ անոր ընկերները վստահ են, որ կերպընկալէ (plastic) շիշերուն տեղը աղբավայրը չէ. շրջակայ միջավայրը աղտոտող անպէտք շիշերէն անոնք մտադիր են արտադրելու LED լամբեր, Bluetooth ականջակալներ եւ այլ հետաքրքրական սարքեր:

«Շրջակայ միջավայրի աղտոտումը 21-րդ դարու ամենալուրջ խնդիրներէն մէկն է,- News.am-ին ըսած է Էլենը: -Կերպընկալը այսօր ովկիանոսին մէջ է, շատ այլ վայրերու մէջ եւ յաճախ անիկա կը յայտնուի մեր մարմնին մէջ… Մենք կրնանք լուծել միջավայրի աղտոտման հարցը՝ կերպընկալէ շիշերուն եւ այլ տեսակի աղբին երկրորդ կեանք տալով եւ անոնցմէ օգտակար իրեր պատրաստելով»:

6 հոգիէ կազմուած երիտասարդներու խումբին գաղափարը իսկապէս հետաքրքրական է. կերպընկալը հնարաւոր է յատուկ մշակման ենթարկել եւ 3D տպիչի համար հումք ստանալ:

Տարբեր տեսակի կերպընկալներէն կարելի է տարբեր իրեր տպել: Օրինակ՝ կիսաքարպոնաթներէն, որոնցմէ պատրաստուած են որոշ շիշեր, որոշակի մշակումէ ետք կարելի է լուսատիոտային լամբեր տպել: Կերպընկալի միւս տեսակներէն կարելի է ականջակալներ տպել, պայուսակներ, նոյնիսկ հագուստ: Այս բոլոր առարկաները երկար կը ծառայեն իրենց տէրերուն՝ աղբավայր թափուելու եւ շրջակայ միջավայրը աղօտոտելու փոխարէն:

Երիտասարդները արդէն հաշուարկած են քիմիական բանաձեւերը, որոնց միջոցով շիշերը կարելի է եռաչափ տպիչի համար իբրեւ «թանաք» դարձնել: Այժմ անոնց անհրաժեշտ է նիւթական աջակցութիւն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ որոշ փորձեր կատարելու, զանոնք  գործնականօրէն ստուգելու եւ եթէ բոլոր հաշուարկները ճիշդ ըլլան, սկսելու լամբերու, ականջակալներու եւ այլ ապրանքներու արտադրութիւնը:

Անոնք արդէն իսկ համաձայնած են քանի մը հիմնադրամի հետ, որոնք կը զբաղին աղբահաւաքով, վերջիններս համաձայնած են անոնց տրամադրել կերպընկալէ իրերը:

Աւելին՝ քաղաքացիները պիտի կարենան անոնց կերպընկալէ շիշեր յանձնել եւ զեղչուած գիներով վերամշակուած կերպընկալէ ապրանքներ գնել:

«Մենք պիտի կարենանք երկու հարց լուծել՝ բնապահպանական եւ մշակութային: Եթէ մենք վերամշակենք կերպընկալը շրջակայ միջավայրը հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի առողջ պահելու: Ինչպէս նաեւ մենք պիտի կարենանք ազդեցութիւն ունենալ մարդոց մշակոյթին վրայ՝ անոնք պիտի սկսին հասկնալ, որ կերպընկալը աղբ չէ»,- պատմած է Էլենը: