Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի՝ Գիւմրիի Մէջ Հիւրընկալուելու, Գիշերելու ու Թատրոն Յաճախելու Դասը Միւս Պաշտօնեաներուն (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգիսեան, Դեկտեմբեր 4-ի երեկոյեան, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ, արցախեան պատերազմի մասին պատմող, մեծ աղմուկ հանած «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը դիտելէ ետք, գիշերած է Գիւմրիի մէջ։

Այսօր նախագահը կը շրջի Գիւմրիի մէջ, կ՝այցելէ տիկնիկային թատրոն, կը ճեմէ Աբովեան ու Ռուսթավելիի անուան փողոցներով, կը հիւրընկալուի «Արեգակ» հասարակական փուռ-սրճարանէն ներս ու Ռիժկովի անուան ճեմափողոցին մէջ գտնուող «Herbs and Honey Teashop» թէյարանին մէջ կը զրուցէ լրագրողներու հետ։

Նկատենք, որ նախագահը երկրի պաշտօնեաներուն Գիւմրիի մէջ հիւրընկալուելու ու գիշերելու դաս կու տայ։ Ան, վերջերս, Գիւմրիի մէջ յայտարարած էր, թէ հայրենասիրութիւնը այն է, որ հարսանիքները, ծնունդ-կնունքները գան ու նշեն Գիւմրիի մէջ, ո՛չ թէ Ամանորին հաւաքուին ու երկրէն մեկնին։

Նունէ Արեւշատեան 

«Առաւօտ»

 

Լուսանկարները՝ Գիւմրիի դրամատիկական թատրոնի